image
Հրատապ լուրեր:

Կը տեսնենք աշխուժ թռիչքներ այլ երկիրներէ, որոնք, ամենայն հաւանականութեամբ, ռազմական սարքեր կը տեղափոխեն Պաքու. ԱԽ քարտուղար

Կը տեսնենք աշխուժ թռիչքներ այլ երկիրներէ, որոնք, ամենայն հաւանականութեամբ, ռազմական սարքեր կը տեղափոխեն Պաքու. ԱԽ քարտուղար

Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը մտահոգիչ կը համարէ Ատրպէյճանի կողմէ հնչող սադրիչ յայտարարութիւնները, ինչպէս նաեւ այդ երկրի մէջ տեղի ունեցող պարբերական զօրավարժութիւններն ու աշխուժ թռիչքները, որոնք, ամենայն հաւանականութեամբ, ռազմական սարքեր կը տեղափոխեն Պաքու:

Այդ մասին Կառավարութեան ճեպազրոյցներու ժամանակ յայտարարած է Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը:

«Մենք վերջին տարիներին տարբեր ուղղութիւններով աշխատել ենք, որպէսզի հնարաւորինս կայունութիւն ստեղծենք տարածաշրջանում: Եւրոպական Միութաեն դիտորդական առաքելութեան ներկայութիւնը Հայաստանում, որը յուսով ենք, որ շուտով կ՚երկարաձգուի, Հայաստանի միանալը Հռոմի ստատուտին, որը կը կարծենք, որ կարեւոր գործօն է կայունութեան տեսանկիւնից, Հայաստանում տեղի ունեցող ռազմակաան բարեփոխումները որոշակի կայունութեան գործօններ են, եւ մենք այս բոլորը համատեղ ենք հաշուի առնում»,- ըսած է ան: