image

Կը սպասուի կարճատեւ անձրեւ․ օդի ջերմաստիճանը պիտի նուազի

Կը սպասուի կարճատեւ անձրեւ․ օդի ջերմաստիճանը պիտի նուազի

Երեւանի մէջ ապրիլ 5-ին երեկոյեան ժամերուն, 6-ի գիշերը, 7-ի ցերեկը, 8-10-ին կը սպասուի կարճատեւ անձրեւ, հնարաւոր է նաեւ ամպրոպ։ Ապրիլ 6-ի ցերեկը, 7-ի գիշերը կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ։

Այս մասին յայտնած են «Հիտրոօդերեւութաբանութեան եւ մոնիթորինկի կեդրոն» ՊՈԱԿ-էն։

​Մարզերուն մէջ ապրիլ 5-ի ցերեկը, 6-10-ին` առանձին շրջաններու մէջ օրուան ընթացքին կը սպասուի կարճատեւ անձրեւ, հնարաւոր է նաեւ ամպրոպ։ Քամին՝ հարաւարեւմտեան, 2-5մ/վ: Ապրիլ 6-10-ին առանձին շրջաններու մէջ կը սպասուի քամիի ուժգնացում՝ 16-20 մ/վ արագութեամբ։ Օդի ջերմաստիճանն ապրիլ 5-ի ցերեկը պիտի նուազի 2-3 աստիճանով, ապրիլ 6-ի ցերեկը նոյնքան պիտի բարձրանայ։