Կը քննարկենք Հայաստանի մէջ ԵՄ առաքելութեան ժամկէտը եւս երկու տարիով երկարաձգելու հարցը, յայտարարած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը՝ ԱԺ-էն ներս կառավարութեան ծրագրի 2023-ի կատարման արդիւնքներու վերաբերեալ ելոյթին մէջ։
«Հայաստանում ԵՄ քաղաքացիական առաքելութիւնն այս ընթացքում միջազգային հանրութեան, աւելի կոնկրետ՝ Եւրամիութեան եւ նրա գործընկերների համար Հայաստան-Ադրբեջան պետական սահմանի եւ շփման գծի ամբողջ երկայնքով հաստատուած իրադրութեան մասին օբյեկտիւ տեղեկատւութեան աղբիւր է դարձել, ինչը չափազանց կարեւոր է մեզ համար»,- ըսած է ան։
Փաշինեանի խօսքով՝ ԵՄ-ին եւ անոր գործընկերներուն առարկայական տեղեկատւութեան տրամադրումը կարեւոր է, քանի որ «դա ակնյայտ կը դարձնի, որ ՀՀ-ն անկեղծօրէն հաւատարիմ է խաղաղութեան օրակարգին եւ Պրահայի պայմանաւորուածութիւններին, եւ այս պատմութեան ագրեսիւ կողմը չէ»։