Դուն քաղցրանուն երաժիշտ,
Մեսրոպաշունչ վարդապետ,
Քու հանճարեղ դաշներգը
Կ'ապրի յաւերժ, մեծ վարպետ,
Հայ ոգին կը խոյանայ
Հետը մեղեդիներուդ,
Ինչպէս նաեւ բողոքը,
Թաղուած՝ խաւարի մէջ մուգ։
Քու գերազօր որբ սրտի
Մեծութեամբ անչափելի՝
Եկեղեցին ընկալեց
Շարականներ խնկելի,
Ուր՝ պատարագն առ Աստուած
Կը ղօղանջէ հոգեթով,
Ուր՝ հին հոգւոյն կը տրուի
Անմահական կեանք մը նոր։
Կոմիտասեան տաղերուդ
Ուժերով ըզգացական,
Հոգիները հայկազուն
Ազգովին փրկըւեցան,
Հաւատաւորը՝ դարձաւ
Հաւատացեալ քու երգով,
Ուղեւորներն աշխարհի՝ Լոյսի ընծաներ հերթով...
Այդպէս եւ ե՛ս, վարդապետ,
Քու երգերով սրբազան՝
Տիրոջ սիրոյ խորանին
Հաստեցի սիրտըս հայկեան։
Կայլակ
«Ոսկէ Օրէնքը» գիրքէն