Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան պաշտօնական էջէն կը կարդանք՝
Նիկիոյ 325 թուականի Տիեզերական Ժողովի 1700-ամեակի նշման համար 28 Նոյեմբեր 2025, Ուրբաթ, յետ միջօրէին մասնաւոր աղօթասացութիւն տեղի ունեցաւ պատմական Նիկիոյ (Ինզիք) Ս. Նէոփիտոս եկեղեցւոյ հնէաբանական վայրին մէջ։
Նոյն առթիւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, ընկերակցութեամբ Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի, նոյն միջօրէին ուղղաթիռով մեկնեցաւ Նիկիա։
Միջեկեղեցական արարողութեան նախագահեցին Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ հոգեւոր Պետ՝ Ն.Ս.Տ.Տ. Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը եւ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ հոգեւոր Պետ՝ Ն.Ս.Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարքը։ Մասնակցեցան Աղեքսանդրիոյի եւ համայն Ափրիկէի Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Ն.Ա.Տ. Թէոդորոս Բ. Պատրիարքը, Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ՝ Ն.Ս.Տ.Տ. Իգնատիոս Եփրեմ Բ. Պատրիարքը, Մալանկարայի Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ՝ Ն.Ս.Տ.Տ. Մար Բասելիոս Մարթոմա Մատթէոս Գ. Կաթողիկոսը, Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ, Երուսաղէմի Յոյն Ուղղափառ Պատրիարքութեան, Աղեքսանդրիոյ Ղպտի Ուղղափառ Պատրիարքութեան, Արեւելքի Ասորական Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչները, Անկլիքան ու աւետարանական զանազան եկեղեցիներու ներկայացուցիչներն ու միջեկեղեցական կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ։
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնն ու Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետը կը ներկայացնէր Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, որուն կ’ընկերանար Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան։ Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը կը ներկայացնէր Կիպրոսի Կաթողիկոսական փոխանորդ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արքեպս. Օհանեան։
Հոգեւոր պետեր, եպիսկոպոսներ ու ներկայացուցիչները կանթեղներ վառեցին։
Մեր Հոգեւոր Պետը արարողութեան ընթացքին անգլերէնով կարդաց իրեն յատկացուած աղօթքը։
Պատգամներու մէջ շեշտուեցաւ սէրն ու եղբայրութիւնը, ինչպէս նաեւ Նիկիոյ Տիեզերական Ս. Ժողովի կարեւորութիւնը:
Այսպէս իր աւարտին հասաւ Նիկիոյ Տիեզերական Ս. Ժողովի 1700-ամեակի հանդիսութիւնը։
Նորին Ամենապատուութիւնը նոյն երեկոյեան Աթոռ վերադարձաւ։




Լուսանկարներ՝ ԼոյսԹՎ