Ֆինանսական ոլորտի մասնագէտ՝ Արամ Չափարեան կը գրէ՝
Երեւանի դպրոցներէն մէկուն առջեւէն անցնելու ատեն, զուարթ տեսարան մը ուշադրութիւնս գրաւեց. աշակերտներ շարքի կեցած դպրոցի առաջին օրը՝ անոնց դէմքերը կը փայլէին խանդավառութեամբ եւ ուրախութեամբ, եւ ծնողներ անոնց կ'ընկերակցէին՝ յոյսով լեցուն սիրտերով՝ կարծես հրաժեշտ կու տային իրենց զաւակներուն ապագայի դարպասին դիմաց: Խնդուքի ձայներ, գրակախառնութիւններ՝ ամառուան բացակայութենէն ետք եւ աչքեր, որոնք կը փայլին հանդիպումի խանդավառութեամբ եւ սորվելու փափաքով:
Սակայն այդ փայլուն պատկերին ետին կան հարցումներ, որոնք պէտք է հարցուին: Ի՞նչ ապագայ է, որ կը սպասէ այդ երեխաներուն: Ի՞նչ պայմաններու մէջ պիտի ընդունուին անոնք: Ի՞նչ ընկերային պայմաններ պիտի կազմէ անոնց կեանքը: Արդեօ՞ք անոնց ապագան պիտի ըլլայ երկրին սահմանները պաշտպանելու ճակատներուն վրայ:
Կրթական փիլիսոփայութեան մէջ կ'ըսեն, թէ կրթութիւնը ուսուցում չէ, այլեւ մարդակերտում:
Կրթութիւնը դպրոցական նոր տարեշրջան մը սկսիլ չէ միայն, այլեւ քաղաքակրթական երկարաժամկէտ ծրագիր մը: Ժան Ժաք Ռուսոն կ'ըսէ. «Պէտք է մանուկին սորվեցնենք ի՛նչպէս մտածել, եւ ոչ թէ ի՛նչ մտածել»: Ինչպէս կ'ըսուի նաեւ. «Կրթութիւնը միակ ձեւն է ազգ մը յառաջ տանելու եւ ազգերուն մէջ անոր կարգավիճակը բարձրացնելու»:
Քաղաքական առումով. ի՞նչ հայրենիք կը սպասուի:
Երբ կը տեսնենք ծնողներուն ուրախութիւնը, հետեւեալ հարցումը կը ծագի մեր միտքին մէջ. արդեօք այս հայրենիքը իր զաւակներուն համար կը պատրաստէ՞ ապահով եւ արդար միջավայր մը, որ կը վարձատրէ աշխատասէրը եւ կը պաշտպանէ տկարը:
Ո՞րքան մօտ ենք մենք խաղաղութեան եւ կայունութեան միջավայր մը ունենալուն: Եւ արդեօք ներքին ազգային քաղաքականութիւնները նկատի կ'առնե՞ն այդ մանուկներուն ապագան: Կամ արդեօ՞ք անոնք իրենք զիրենք պիտի գտնեն պայքարներու մէջ, որ ոչ մէկ ուղղակի կապ ունին իրենց հետ:
Ընկերային առումով, ի՞նչ տեսակի ընկերութիւն մը պիտի ողջունէ զիրենք:
Այն ընկերային միջավայրը, որուն մէջ պիտի մեծնան այդ մանուկները նոյնքան կարեւոր է որքան անոնց յաճախած դպրոցը: Արդեօք անոնք դուրսը պիտի գտնե՞ն ընկերութիւն մը, որ կը քաջալերէ արժէքներ, որուն մէջ մարդուն հանդէպ յարգանք կայ եւ իրաւունքները կը պաշտպանուին: Կամ արդեօ՞ք պիտի դիմագրաւեն իրականութիւն մը դասակարգային անհաւասարութեան եւ լուսանցքայնացման, տարածաշրջանային բախումներու, եւ դրացի երկիրներու կողմէ՝ ինչպէս Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ, հողատարածքներու գրաւման վտանգի եւ պատերազմի յարատեւ սպառնալիքներու:
Բաւարար չէ, որ մանուկը ուրախ ըլլայ դպրոցական տարեշրջանը սկսելուն համար, այլ՝ պէտք է պատրաստենք անոր համար ընկերութիւն մը, ուր դպրոցին մէջ իր ստացած գիտութիւնը առօրեայ գործի կը վերածուի եւ որ կը քաջալերէ այն արժէքներն ու սկզբունքները, զորս ան կը սորվի դպրոցին մէջ:
Եւ դպրոցի այդ պատկերը սոսկ անցողակի պահ մը չէ, այլ՝ հրաւէր մը խորհրդածելու եւ վերանայելու կրթութեան համակարգին, քաղաքականութեան եւ ընկերութեան ինչպէս նաեւ այն իրականութեան թէ օտար երկիրները ի՛նչպէս կը վարուին Հայաստանի հետ եւ անոր ապագային:
Անիկա կոչ մըն է իւրաքանչիւր ուսուցիչի, պատասխանատուի եւ քաղաքացիի, որ վերակերտէ երազը ոչ թէ թուղթի վրայ, այլ՝ իրականութեան մէջ: Եկէք միասին գործենք՝ աւելի լաւ ապագայի մը համար, որ արժանի պիտի ըլլայ այդ մանուկներուն այսօրուայ ուրախութեան եւ անոնց ձգտումներուն:
Արամ Չափարեան
5 Սեպտեմբեր 2025