Ֆինանսական գործիչ, ելեւմտագէտ՝ Արամ Չափարեան կը գրէ՝
Երբ տեսիլքը յստակացաւ եւ ճշմարիտ խօսքը նուաճեց կեղծիքը, ճիշդ դուրս եկաւ այն խօսքը, որ կ'ըսէ՝ «Խօսէ՛, որպէսզի տեսնեմ քեզ»:
Ես կ'ուզեմ իմ անկեղծ երախտագիտութիւնս եւ գնահատանքս յայտնել բոլոր անոնց, որոնք դրականօրէն արձագանգեցին վերջին հարցազրոյցիս, ներառեալ՝ բարեկամներ, մտաւորականներ, հետազօտողներ եւ հանրային կարծիքը ձեւակերպողներ: Ձեր խօսքերը ինծի համար եղան ներշնչումի աղբիւրներ եւ յառաջ երթալու խթանիչներ:
Առ այդ, յառաջիկայ օրերուն ձեզի ներկայանալ յաւելեալ որակաւոր եւ շինիչ տեսակէտներով եւ կարծիքներով:
Նաեւ կ'ուզեմ երախտագիտութիւնս յայտնել arevelk.am տնօրէնութեան ինծի այդ առիթը տալու համար, զոր կը համարեմ սկիզբը երկխօսութեան եւ բաժնեկցելու երկար ուղեւորութեան մը՝ աւելի լաւ ապագայի մը համար