Յուսադրող նորութիւններ Պրիւքսէլի մէջ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահի հինգերորդ հանդիպումէն։ Այս մասին իր թուիթըրեան էջին գրած է ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղարի Հիւսիսային Կովկասի եւ Կեդրանական Ասիոյ հարցերով խորհրդական Խավիէր Քոլոմինան։
«Յուսադրող նորութիւններ Պրիւքսէլի մէջ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահի հինգերորդ հանդիպումէն, անցեալ շաբաթ Ուաշինկթընի մէջ արտաքին գործոց նախարարներու բանակցութիւններէն ետք։ ՆԱԹՕ-ն կ'աջակցի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման»,- նշած է ան։