Իւանեանի մէջ (Խոճալու) աւարտած են Արցախի եւ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչներու միջեւ բանակցութիւնները. այս մասին յայտնած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները: Որեւէ մանրամասնութիւն յայտնի չէ:
Արցախեան կողմէն բանակցութիւններուն մեկնած էր Արցախի Ազգային Ժողովի «Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Դաւիթ Մելքումեանը, ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի հետ համագործակցութեան ապահովման կեդրոնի տնօրէն Սերգէյ Մարտիրոսեանը։
Ատրպէյճանական կողմը կը ներկայացնէր պատգամաւոր Ռամին Մամետովը, որուն Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը նշանակած էր Արցախի հայ բնակիչներու հետ շփումներու գծով պատասխանատու: Յայտնի է, որ Մամետովը ծնած է Արցախի մէջ՝ Մարտակերտ քաղաքի մէ':
Յիշեցնենք, որ 21 սեպտեմբերին Եւլախ քաղաքին մէջ կայացած էր Ատրպէյճանի եւ Արցախի պատուիրակութիւններու առաջին հանդիպումը։