Հայաստանը կը փափաքի խորացնել յարաբերութիւնները Եւրոպական Միութեան հետ եւ չուզեր այդ հակադրել տարածաշրջանային յարաբերութիւններու զարգացման տեսլականին։
Այդ մասին 17 հոկտեմբերին Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Ռոպերթա Մեցոլայի հետ համատեղ ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։
«Մենք ցանկանում ենք խորացնել մեր յարաբերութիւնները Եւրոպական Միութեան հետ եւ չենք ուզում դա որեւէ կերպ հակադրել մեր տարածաշրջանային յարաբերութիւնների խորացման, զարգացման տեսլականի հետ, եւ այս առումով, կարծում եմ, յենման կէտերը քիչ չեն։
Կարեւոր է ընդգծել, որ մեր յարաբերութիւնները յենւում են ընդհանուր արժէքային համակարգի վրայ, եւ ժողովրդավարութիւնը մեզ համար ռազմավարական ընտրութիւն է, ոչ թէ հանգամանքներով թելադրուած պատեհութիւն։ Հայաստանի կառավարութիւնը յանձնառու է Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրի լիակատար իրականացմանը»,-ըսած է Փաշինեան: