image

Խրիմը ենթարկուած է հրթիռային յարձակման

Խրիմը ենթարկուած է հրթիռային յարձակման

Հինգշաբթի ուշ երեկոյեան ուքրանական բանակը հրթիռային յարձակում իրականացուցած է Խրիմի վրայ։ BBC-ն ներկայացուցած է տարբեր տեղեկութիւններ, որոնց համաձայն՝ Խրիմի շարք մը շրջաններու մէջ պայթումներ լսուած են, աւերուած է Ալուշթայի մերձակայքը գտնուող ռազմական կապի հանգոյցը:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած է, որ Խրիմի մէջ երեք ATACMS հրթիռ խոցուած է, իսկ ծովուն մէջ երեք անօդաչու նաւ խորտակուած է։

Մէկ այլ աղբիւրի տուեալով՝ ուքրանական բանակը մինչեւ 16 հրթիռ արձակած է Խրիմի ուղղութեամբ, այդ շարքին՝ ATACMS, որոնցմէ մի քանին յաջողած է ճեղքել ռուսական հակաօդային պաշտպանութիւնը:

Խրիմի իշխանութիւնները յայտնած են, որ Ուքրանիոյ յարձակման թիրախ յայտնուած է միայն «դատարկ առողջարանը», երկու «պատահական անցորդ» ալ մահացած է Սիմֆերոփոլի շրջանին մէջ։