Խրիմի կամուրջի վրայ տեղի ունեցած արտակարգ պատահարի պատճառը ուքրանական իշխանութիւններու կողմէ իրականացուած ահաբեկչական յարձակումն է. այս մասին, ինչպէս յայտնած է ՌԻԱ «Նովոսթի»-ն, ըսած է Խրիմի խորհրդարանի ղեկավար Վլատիմիր Քոնսթանթինովը:
«Այս գիշեր Քիեւի ահաբեկչական ռեժիմը նոր յանցագործութիւն իրականացուցած է՝ յարձակած է Խրիմի կամուրջի վրայ։ Քիեւ չէր կրնար չիմանալ, որ կամուրջի ինքնաշարժերու համար նախատեսուած հատուածը բացառապէս քաղաքացիական կառոյց է», - գրած է Քոնսթանթինովը թելեկրամեան ալիքին մէջ:
Քոնսթանթինով պարզաբանած է, որ կամուրջի երկաթուղին չէ վնասուած, Խրիմը Ռուսիոյ հետ կապուած է հիւսիսային միջանցքով, կայ նաեւ լաստանաւային ծառայութեան հնարաւորութիւն, ուստի Խրիմը մեկուսացած չէ։
Մինչդեռ Ուքրանիոյ անվտանգութեան ծառայութեան աղբիւրները յայտնած են, որ Խրիմի կամուրջի վրայ գիշերային յարձակումը Ուքրանիոյ զինուած ուժերու ռազմածովային ուժերու եւ Ուքրանիոյ անվտանգութեան ծառայութեան յատուկ գործողութիւնն էր։
«Կամուրջը յարձակման ենթարկուած է անօդաչուներու օգնութեամբ, կամուրջին հասնիլը դժուար եղած է, բայց ի վերջոյ գործողութիւնը յաջողած է»,-ըսած է աղբիւրը։
Ուքրանիոյ գլխաւոր հետախուզութեան վարչութեան ներկայացուցիչ Անտրէյ Եուսովը մեկնաբանած է Խրիմի կամուրջի վրայ միջադէպը՝ մէջբերելով հետախուզութեան պետ Քիրիլ Պուտանովի խօսքերը, որ «այս կառոյցն աւելորդ է»։
Ուքրանիոյ Հարաւային պաշտպանական ուժերու մամուլի կեդրոնի ղեկավար Նաթալիա Կումէնեուքը յայտարարած է, որ Խրիմի կամուրջի վրայ պայթումը կրնայ ռուսական սենար ըլլալ, գրած է korrespondent.net-ը:
Երկուշաբթի առաւօտեան Խրիմի ղեկավար Սերգէյ Աքսեոնովը յայտնած է Քերչի նեղուցով անցնող կամուրջի վրայ արտակարգ միջադէպի մասին։ Երթեւեկութիւնը ժամանակաւորապէս դադրեցուած է։ Միջադէպի հետեւանքով մահացած է ամուսնական զոյգ՝ Պելկորոդի շրջանի բնակիչներ։ Աքսեոնով յորդորած է զերծ մնալ Խրիմի կամուրջով երթեւեկելէ։