image

Խրամորթի մէջ գիւղացիները ինքնապաշտպանական ջոկատ ստեղծած են․ Ակնարկ civilnet-էն

Խրամորթի մէջ գիւղացիները ինքնապաշտպանական ջոկատ ստեղծած են․ Ակնարկ civilnet-էն

Խրամորթի մէջ Պաշտպանութեան բանակի զինուորները պատրաստ են դիմակայելու Ատրպէյճանի հնարաւոր սադրանքներուն, տեղի բնակիչները եւս ինքնապաշտպանական ջոկատ ստեղծած․ այս մասին հաղորդած է civilnet.am-ը:

Ըստ աղբիւրին` ատրպէյճանցիները Փառուխ գիւղի ուղղութեամբ յառաջ շարժած են եւ իրենց վերահսկողութեան տակ վերցուցած են որոշ կէտեր․ «Բարձունք են վերցրել, որը գերակայ դիրք ունի յարակից գիւղերի` Նորագիւղի, Խնաբադի նկատմամբ»:

Իր հերթին Արցախի տեղեկատուական շտաբը հաղորդած է, որ խաղաղապահները իրենց յենակէտերուն վրայ են, բանակցութիւնները կը շարունակուին:

«Տեղեկացնում ենք, որ Ասկերանի շրջանի Փառուխ եւ Խրամորթ բնակավայրերի ուղղութեամբ շփման գծի պահպանութիւնը եւ այդ համայնքներում ապրող խաղաղ բնակչութեան անվտանգութեան ապահովումը գտնւում է Արցախի Հանրապետութիւնում տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի առաքելութեան տիրոյթում», կը հաղորդէ Արցախի տեղեկատուական շտաբը: