image

Խմբագրական «Մասիս»ի. «Մասամբ ազատէն» դէպի «ազատ»` երկար ճանապարհ

Խմբագրական «Մասիս»ի. «Մասամբ ազատէն» դէպի «ազատ»` երկար ճանապարհ

Այս բոլորով հանդերձ, Հայաստան ունի երկար ճանապարհ` ժողովրդավարութեան աւելի բարձր աստիճանին հասնելու համար: Այս ճանապարհին կան խանգարող մի քանի հանգամանքներ: Անոնցմէ առաջինն է երկիրը կիսապատերազմական վիճակի մէջ գտնուիլը« որ խոչնդոտ կը հանդիսանայ կայուն զարգացման գործընթացին: Ատրպէյճանի ամէնօրեայ սպառնալիքներու պայմաններուն տակ Հայաստան ստիպողականութեան տակ կը գտնուի հսկայական գումարներ յատկացնելու իր պաշտպանական կարողութիւնները հզօրացնելու ու բանակը արդիականացնելու համար: Այլապէս միլիառաւոր տոլարներ պիտի ուղղուէին ժողովուրդի կեանքը բարելաւելու նպատակին: Հասարակութիւններու բարեկեցութեան մակարդակը եւ վայելած ազատութիւնները շատ անգամ փոխկապակցուած են իրար հետ: Տնտեսապէս զարգացած երկիրները ընդհանրապէս կը վայելեն աւելի լայն ազատութիւններ, քան աւելի աղքատ երկիրները:

«Ազատութեան Տուն» (Freedom House) միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը հրապարակեց աշխարհի մէջ քաղաքական իրաւունքներու եւ քաղաքացիական ազատութիւններու վիճակը գնահատող  իր տարեկան զեկոյցը, որ կու գայ ցոյց տալու թէ ազատութիւնը նահանջի մէջ է` աշխարհի տարածքին:

Այս տարի եւս Հայաստան դասուած է մասամբ ազատ երկիրներու շարքին` նոյնը ինչ որ էր նախորդ մի քանի տարիներուն: Տարածաշրջանին մէջ միակ այլ երկիրը« որ դասուած է մասամբ ազատ` Վրաստանն է: Մնացեալ բոլոր երկիրները` Ատրպէյճանը, Իրանը, Թուրքիան, Ռուսաստանը համարուած են ոչ-ազատ:

Եթէ համեմատելու ըլլանք  2018-ին  նախորդող ժամանակաշրջանին հետ, Հայաստան կատարած է զգալի յառաջընթաց` մենատիրական երկիրներու շարքէն անցնելով համեմատաբար աւելի ազատ երկիրներու շարքը: Թաւշեայ Յեղափոխութեան յաջորդող ժամանակաշրջանին  տեղի ունեցած բարեփոխումները նպաստեցին, որպէսզի վերափոխուի երկրի ընդհանուր դիմագիծը: Արդար ընտրութիւնները, խօսքի եւ մամուլի ազատութիւնը« տնտեսական մենաշնորհներու ոչնչացումը ու համակարգային փտածութեան վերացումը կարեւոր քայլեր էին այդ յառաջխաղացքի իրականացման մէջ:

Այս բոլորով հանդերձ, Հայաստան ունի երկար ճանապարհ` ժողովրդավարութեան աւելի բարձր աստիճանին հասնելու համար: Այս ճանապարհին կան խանգարող մի քանի հանգամանքներ: Անոնցմէ առաջինն է երկիրը կիսապատերազմական վիճակի մէջ գտնուիլը« որ խոչնդոտ կը հանդիսանայ կայուն զարգացման գործընթացին: Ատրպէյճանի ամէնօրեայ սպառնալիքներու պայմաններուն տակ Հայաստան ստիպողականութեան տակ կը գտնուի հսկայական գումարներ յատկացնելու իր պաշտպանական կարողութիւնները հզօրացնելու ու բանակը արդիականացնելու համար: Այլապէս միլիառաւոր տոլարներ պիտի ուղղուէին ժողովուրդի կեանքը բարելաւելու նպատակին: Հասարակութիւններու բարեկեցութեան մակարդակը եւ վայելած ազատութիւնները շատ անգամ փոխկապակցուած են իրար հետ: Տնտեսապէս զարգացած երկիրները ընդհանրապէս կը վայելեն աւելի լայն ազատութիւններ, քան աւելի աղքատ երկիրները:

Հայաստանի մէջ ազատութիւններու խանգարող կարեւոր հանգամանք է նաեւ դասական ընդդիմադրութեան բացակայութիւնը: Ազատ երկիրներուն մէջ ընդդիմութիւնը կը կատարէ իրեն վերապահուած վերահսկողի դերը ու քննադատելով իշխանութեան վրայ  եղող կուսակցութեան ներքին ու ու արտաքին քաղաքականութիւնը կը պատրաստուի յաջորդ ընտրութիւններուն: Հայաստանի պարագային իրավիճակը տարբեր է: Գոյութիւն ունի արմատական ընդդիմութիւն, որ խորհրդարանէն ներս ներկայացուած ըլլալով հանդերձ կը նախընտրէ փողոցային պայքարի միջոցաւ տապալել գործող իշխանութիւնը: Այդ ճանապարհին չի վարանիր հանդէս գալու նաեւ բռնութեան կոչերով ու կը դիմէ ոստիկանութեան հետ բախումներու: Նման երեւոյթները անյարիր են ժողովրդավարական երկիրներուն եւ ուշադրութեան կարժանանան «Ազատութեան Տուն»-ի նման կազմակերպութիւններու ուշադրութեան ու կը գնահատուին ըստ այնմ:

Մինչեւ այն ատեն, որ ընդդիմադրութիւնը չի հետեւիր ժողովրդավարութեան սահմանած խաղի կանոններուն ու  յանուն իշխանութեան հասնելու նպատակին լծուած է երկիրը քայքայելու աշխատանքին, դժուար թէ տեսանելի ապագային Հայաստան կարողանայ մասամբ ազատ երկիրներու շարքէն անցում կատարել դէպի ազատ երկիրներու շարքը:

 

Գրիգոր Խոտանեան

«Մասիս»