Այս բոլորով հանդերձ, աղքատութեան մակարդակը կը շարունակէ մնալ յամառօրէն բարձր: Վերջին տուեալներուն համաձայն աղքատ եւ կամ ծայրայեղ աղքատ են Հայաստանի բնակչութեան մօտ 25 տոկոսը: Այս կը նշանակէ որ, տնտեսութեան մէջ արձանագրուող աճը տակաւին չի հասնիր ժողովուրդի բոլոր խաւերուն, իսկ կառավարութեան տրամադրած նպաստները անբաւարար են մեղմելու իրավիճակը:
Մտահոգիչ է նաեւ Հայաստանի պետական պարտքի մակարդակը, որ վերջին տուեալներու համաձայն հատած է 11 միլիառի սահմանը: Այս պարտքին գլխաւոր մասը միջազգային կազմակերպութիւններէն եւ օտար պետութիւններէն ստացուած վարկերն են, որոնք մեծ մասամբ կ՛օգտագործուին ժողովուրդի ընկերային վիճակը մեղմելու համար:
Տարեվերջի այս օրերուն՝ պահ մը հեռանալով քաղաքականութենէն կ՛արժէ հպանցիկ ակնարկ մը նետել Հայաստանի մէջ արձանագրուող տնտեսական զարգացումներուն վրայ, որոնք նոյն թափով շարունակուելու պարագային բաւական յոյս կը ներշնչեն երկրի ապագայ զարգացման ուղղութեամբ:
Անցեալ շաբաթ Արժոյթի Միջազգային Հիմնադրամը հրապարակեց աշխարհի տարբեր երկիրներու Համախառն Ներքին Արտադրութեան (ՀՆԱ) տուեալները« որոնք հիմնուած են մէկ տարուայ ընթացքին երկրի մը արտադրած ապրանքատեսակներու եւ ծառայութիւններու ընդհանուր գումարին վրայ:
Այս տարի Հայաստանի ՀՆԱ-ն առաջ անցած է տարածաշրջանի միւս երկու երկիրներէն՝ Վրաստանէն եւ Ատրպէյճանէն: 2023-ի տուեալներուն համաձայն, Հայաստանի մէջ ՀՆԱ-ն մէկ շունչի համար ցուցանիշը դարձած է առաջատարը Հարաւային Կովկասին մէջ՝ կազմելով 8.280 տոլար: Ատրպէյճանի մէջ, համաձայն նոյն հաշուարկին, մէկ շունչի համար ՀՆԱ-ն կը կազմէ 7.530 տոլար, իսկ Վրաստանի մէջ՝ 8.160 տոլար:
Հայաստանի պարագային այս ցուցանիշը կրկնապատկուած է վերջին հինգ տարիներուն՝ 2018-ի թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք, երբ վերջ գտան տնտեսական մենաշնորհները ու փտածութիւնը (Կորուպցիան) դադրեցաւ համակարգային բնոյթ կրելէ: Այս չի նշանակեր որ, կաշառակերութիւնը վերացած է, սակայն յստակ է որ այն ներկայիս չի վայելեր պետական հովանաւորչութիւն:
Հակառակ որ, 2022 թուականին Հայաստան տակաւին կը գտնուէր պատերազմի եւ համաճարակի ազդեցութեան տակ, տնտեսութիւնը աճեցաւ 12.6 տոկոսով, որ բացառիկ երեւոյթ էր համաշխարհային չափանիշով: Այդ նոյն ցուցանիշը պահելը շատ դժուար իրագործելի պիտի ըլլար յաջորդական տարիներու եւս ու այդ պատճառաւ Համաշխարային Դրամատունը այս տարուայ համար կ՛ակնկալէր 5 տոկոս տնտեսական աճ, որ հետագային վերատեսութեան ենթարկուելով այժմ կը նախատեսուի 7 տոկոս: Համեմատութեան համար պէտք է նկատի առնել որ, աշխարհի ամենէն աւելի զարգացած երկիրներուն՝ Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի մէջ այդ ցուցանիշերը կը տատանին 2-3 տոկոսի միջեւ:
Այս տուեալները մղած են միջազգային տնտեսական կազմակերպութիւններուն Հայաստանը դասելու տնտեսապէս աշխարհի ամենէն արագ զարգացող երկիրներու առաջին տասնեակին մէջ:
Տնտեսութեան զարգացման մէջ բնականաբար կարեւոր դեր ունեցաւ Ուքրանիոյ պատերազմը ու տասնեակ հազարաւոր Ռուսաստանի քաղաքացիներու ժամանումը Հայաստան: Սակայն, կարեւոր ազդակ են նաեւ շինարարութեան մէջ կատարուող ներքին ու արտաքին ներդրումները եւ զբօսաշրջութեան բնագաւառին մէջ արձանագրուող յառաջխաղացումը: Այս տարի Հայաստան այցելած են մրցանիշային թիւով օտարերկրացիներ՝ անցնելով 2.2 միլիոնի սահմանները:
Այս բոլորով հանդերձ, աղքատութեան մակարդակը կը շարունակէ մնալ յամառօրէն բարձր: Վերջին տուեալներուն համաձայն աղքատ եւ կամ ծայրայեղ աղքատ են Հայաստանի բնակչութեան մօտ 25 տոկոսը: Այս կը նշանակէ որ, տնտեսութեան մէջ արձանագրուող աճը տակաւին չի հասնիր ժողովուրդի բոլոր խաւերուն, իսկ կառավարութեան տրամադրած նպաստները անբաւարար են մեղմելու իրավիճակը:
Մտահոգիչ է նաեւ Հայաստանի պետական պարտքի մակարդակը, որ վերջին տուեալներու համաձայն հատած է 11 միլիառի սահմանը: Այս պարտքին գլխաւոր մասը միջազգային կազմակերպութիւններէն եւ օտար պետութիւններէն ստացուած վարկերն են, որոնք մեծ մասամբ կ՛օգտագործուին ժողովուրդի ընկերային վիճակը մեղմելու համար:
Գտնուելով պատերազմական վիճակի մէջ, մեծ գումարներ՝ տարեկան մօտ 1.4 միլիառ տոլար կը յատկացուի պաշտպանութեան բնագաւառին: Բանակին ու աղքատութեան դէմ պայքարին ուղղուած նիւթական միջոցներու կարիքը պիտի զգացուի յառաջիկայ տարիներուն եւս: Տնտեսութեան բարձր մակարդակի աճը Հայաստանի համար ունի բազմակողմանի կարեւորութիւն՝ պայքարելու համար ներքին ու արտաքին մարտահրաւէրներու դէմ: Այս նպատակով հրամայական է տնտեսական յառաջխաղացքի պահպանումը՝ յառաջիկայ տասնամեակին:
Գ. ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»