Սոյն խաչքարը` արհաւիրք տեսած, բայց վերընձիւղուած հայուն լուռ վկան դառնայ` այն անհերքելի փաստին, որ մենք կարողացանք գոյատեւել` շնորհիւ մեր ամրակուռ հաւատքին, աննկուն կամքին, նաեւ ապրելու, արարելու եւ դէպի յաւերժութիւն ընթանալու նկարագրային խառնուածքին:
Երեւան,«Արեւելք»,-Հայոց ցեղասպանութեան 107-ամեակի նուիրուած Պատմական իրադարձութիւն մը` Քանաքեռի Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի Հայ կաթողիկէ ժողովրդապետութեան եկեղեցւոյ մէջ։
Կիրակի 24 Ապրիլի առաւօտեան ժամը 11-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման պատարագ մատուցեց՝ Սրբոց Հրեշտակապետաց միացեալ հոգեւոր ճեմարանի փոխ Տեսուչ` Գերապատիւ Հայր Պետրոս վրդ. Մարաշլեան-Հատտատը:
Խորանին սպասաւորեցին համանուն կրթօճախի նորընծաներն ու եկեղեցւոյ դպրաց դասի անդամները։
Յաւարտ Սուրբ եւ Անմահ պատարագի` թափօրը շարականներու երգեցողութեամբ եւ անուշաբոյր խունկերու խնկարկումով` ուղղուեցաւ դէպի եկեղեցւոյ շրջափակը տեղադրուած՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ու Արցախեան երկու պատերազմներու նահատակ-մարտիրոսներու յիշատակը յաւերժացնող խաչքարին մօտ։ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ եւ Սրբոց Հրեշտակապետաց միացեալ հոգեւոր ճեմարանի Տեսուչ` Գերապատիւ Հայր Մաշտոց վրդ. Զահթէրեանը՝ Ամեն. և Գերերջ. Տէր Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Կաթողիկոս Պատրիարքի օրհնութեամբ եւ հրամանաւ, Խաչքարի օծման արարողութիւնը կատարեց եւ օրուան պատգամը փոխանցեց:
Ան իր ոգեշնչող ճառով` կլանեց հաւատացեալները ըսելով՝ «100 եւ 7 տարիներ կը բաժնեն մեզ` մեր պապերուն եւ մամերուն հանդէպ կատարուած անմարդկային կոտորածէն, տեղահանութենէն, խոշտանգումէն եւ ցեղասպանութենէն:
Այս բոլորով հանդերձ` այսօր եւս անհագուրդ թրքական վարչակազմը` կողքին ունենալով Ատրպէյճանը` կը փորձեն համաթուրանական հսկայ կայսրութիւն մը ստեղծել` դարձեալ թիրախ ունենալով մեր երկիրը: Սակայն մեր գոյատեւելու ունակութիւնը եւ անոր համար մաքառելու պատրաստակամութիւնը՝ որու ամենավառ վկան` յանուն հաւատի եւ հայրենեաց սրբադասուած մէկուկէս միլիոն մարտիրոսներն են, միշտ ալ բախած է թշնամու ծրագրերուն հետ` խոչընդոտելով անոր իրականացմանը:
Արտաքնապէս զուտ աշխարհագրական տարածք թուացող Հայրենիք երեւոյթը` հայուն համար շատ աւելի լայն, համապարփակ եւ տարողունակ հասկացողութիւն է, որ անթեղուած է մեր մէջ եւ հազարամեակներու խորքէն գալով, հազարամեակներու փորձով թրծուած` պահած ենք մեր սրտերուն եւ հոգիներուն մէջ»։
Հայր Սուրբը` նախքան իր պատգամը եզրափակելը` հրաւիրեց ներկաները վերանորոգ ուխտով` ընթանալու դէպի յաւերժութիւնը՝ «Ուստի եկէ'ք, սոյն խաչքարի օծման նուիրական պահուն, որը կը խորհրդանշէ` Հայուն Գողգոթան եւ որուն յաջորդեց հրաշափառ Յարութիւնը` վերանորոգենք մեր ուխտը` նեցուկ կանգնելու մեր մարտունակ բանակին եւ մարտնչող իւրաքանչիւր զինուորներին, որպէսզի թշնամին այլեւս ո'չ միայն չհամարձակի կրկնել 44-օրերու մղած պատերազմը, այլ` նոյնիսկ չփորձէ մօտենալ մեր երկրի անառիկ սահմաններուն:
Սոյն խաչքարը` արհաւիրք տեսած, բայց վերընձիւղուած հայուն լուռ վկան դառնայ` այն անհերքելի փաստին, որ մենք կարողացանք գոյատեւել` շնորհիւ մեր ամրակուռ հաւատքին, աննկուն կամքին, նաեւ ապրելու, արարելու եւ դէպի յաւերժութիւն ընթանալու նկարագրային խառնուածքին:
Թող մեր սրբադասուած մարտիրոսներու, ինչպէս եւ Զմմառու Պատրիարքական կղերի Միաբան` Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի բարեխօսութիւնը միշտ եւ ամենուր պահէ եւ պահպանէ ազգիս հայոց` Հայաստանի, Արցախի եւ ի սփիւռս աշխարհի։
Ապա «Կռունկ» եւ «Կիլիկիա» ստեղծագործութիւնները` նուագեցին
Շանթ Դանիէլեան՝ ջութակի, եւ Լոռի Կիրակոսեան՝ Քանոնի վրայ:
Այնուհետեւ ներկաները երկիւղածութեամբ եւ ակնածանքով մօտեցան խաչքարին, ուր տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն, այդ պահուն` խոր յուզական տրամադրութիւն մը թեւածեց մթնոլորտին մէջ, որու ազդեցութեան տակ ներկաները հնչեցուցին «Կիլիկիա» մաղթերգը:
Գերապատիւ Հայր Մաշտոց Զահթէրեանի «Պահպանիչ»-ով աւարտեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած ոգեկոչումը: