Օրեր առաջ, «Արեւելք» անդրադարձած էր Լիբանանի մէջ Cessna օդանաւի մը արկածին, որուն զոհ գացած էին հայորդի օդաչու՝ Ճօրճ Շիրիքճեանը, անոր ընկերուհին՝ Ժոէլ Մուսա, եւ վերջինիս եղբայրը՝ Ժատ Մուսա:
Լիբանանեան աղբիւրներ, օրերս նոր տեղեկութիւններ հաղորդած են հայորդիին մասին, որ կը ներկայացնենք ստորեւ։
Ըստ այդ աղբիւրներուն, Ճօրճի ընտանիքը, ի պատասխան Ճօրճին մասին համացանցով տարածուած կեղծ լուրերուն, յայտարարութիւն տարածած է, ուր պնդած, թէ Ճօրճ վկայուած օդաչու էր ու կը վայելէր իր մարզիչին վստահութիւնը, նաեւ կոչ ուղղած լրատուական միջոցներուն հեռու մնալու խեղաթիւրիւմներէ եւ սպասելու հետաքննութեան արդիւնքները:
Յայտարարութեան մէջ նաեւ յիշուած է, թէ Ճօրճ յաձնելով բոլոր տեսակի քննութիւնները ստացած էր օդաչուի վկայական «Քաղաքացիական օդագնացութեան ընդհանուր տնօրէնութենէն», եւ թէ ան կատարած էր երկու տարուայ թռիչքային դասընթացքներ «Open Sky» հիմնարկի մէջ: Աւելի քան 70 ժամ փորձառութիւն անցուցած էր իր մարզիչին՝ Մաճէտին հետ:
Ան առանձինն 17 թռիչք արդէն կատարած էր:
Իր հերթին՝ Ճօրճի սերտ ընկերը՝ Պերճ Մըքարզէլ խոր կսկիծով պատմած է, թէ Ճօրճ անհամբերութեամբ կը սպասէր այն օրը, երբ անձամբ վարելով օդանաւը, իր ընկերուհիին հետ միասին թռիչք մը պիտի կատարէին լիբանանեան երկնակամարին:
«Երկու շաբաթ էր, որ Ճօրճը ամէն օր առանց բացառութեան կը կրկնէր, թէ հինգշաբթի օր պիտի թռչիմ Ժոէլին հետ, այնքան ոգեւորուած էր, այնքան ուրախ, դժբախտաբար Ղոսթա շրջանին մէջ լեռ մը խլեց երեքին կեանքը»,- ըսած է ընկերը: «Տակաւին չենք գիտեր արկածին պատճառները, եւ կը սպասենք հետաքննութեան արդիւնքները»,- աւելցուցած է Մըքարզէլ:
Ան նաեւ նշած է, որ Ճօրճ տակաւին նոր քսան տարեկան պիտի ըլլար, ան իր հօր մէկ հատիկ որդին էր եւ ... «հայրը այնքան ուրախ ու հպարտ էր իրմով»:
Ըստ Ճօրճի ընկերներուն, ան զուարթ բնաւորութեամբ, կեանքով լեցուն, բարի ու ազնիւ երիտասարդ մըն էր: Հակառակ Լիբանանի դժուար տնտեսական պայմաններուն, ան կը մտածէր ապագայի մասին, եւ հաւատք ունէր, որ ամէն ինչ լաւ պիտի ըլլայ:
«Արկածի նախօրեակին միասին էինք ընկերներով, ան կատակեց ու հրաժեշտ տուաւ, չգիտցանք թէ վերջին հրաժեշտն էր: Ճօրճը հեռացաւ մեզմէ մարմնապէս, բայց իր հոգին միշտ մեր հետ պիտի մնայ»,- եզրափակած է ընկերը: