image

Կազմուեցաւ Մեթնի (Լեռնալիբանան) առաջին ցուցակը. Յակոբ Բագրատունի ՀՅԴ-ի թեկնածու

Կազմուեցաւ Մեթնի (Լեռնալիբանան) առաջին ցուցակը. Յակոբ Բագրատունի ՀՅԴ-ի թեկնածու

 Ի դէպ ընտրութիւններուն մասին ընթացող վերլուծութիւններու ծիրին մէջ, վերլուծաբաններ կարեւորագոյն դեր տուած են Մեթնի մէջ ընտրական կշիռ հանդիսացող հայկական քուէին, որուն մեծ տոկոսը երկար տարիներէ ի վեր կը համարուի ՀՅԴ-ի բաժին։

 

Կազմուած է Լիբանանի յառաջիկայ ընտրութիւններուն մասնակցութեան համար նախատեսուած Մեթնի (Լեռնալիբանան) առաջին ընտրական ցուցակը ՝«Միասին աւելի ուժեղ ենք» վերնագրով։

Նշենք, որ շրջանի անուանի ներկայացուցիչներէն բաղկացած այս ցուցակին կ՚անդամակցի ՀՅԴ ներկայացուցիչ, Լիբանանի խորհրդարանի անդամ՝ Յակոբ Բագրատունին։

Ցուցակին մաս կը կազմէ նաեւ Լեռնալիբանանի ազդեցիկ ընտանիքներէն՝ Մըր ընտանիքի անդամ Միշէլ Էլիաս Մըրը, որուն մեծ հայրը՝ Միշէլ Մըր երկար տարիներ վարած է երկրի փոխ վարչապետի ազդեցիկ պաշտօն, ինչպէս նաեւ եղած է հայ ժողովուրդի նուիրական բարեկամներէն մին։

 Այս մասին  «Արեւելք»   տեղեկութիւն ստացաւ Պէյրութի իր աղբիւրէն։

Ի դէպ ընտրութիւններուն մասին ընթացող վերլուծութիւններու ծիրին մէջ, վերլուծաբաններ կարեւորագոյն դեր տուած են Մեթնի մէջ ընտրական կշիռ հանդիսացող հայկական քուէին, որուն մեծ տոկոսը երկար տարիներէ ի վեր կը համարուի ՀՅԴ-ի բաժին։

Աւարտին նշենք, որ ընտրական ցուցակներու կազմութեան վերջին ժամկէտը յառաջիկայ 4 ապրիլն է, իսկ խորհրդարանական ընտրութիւնները պիտի կայացուին 15 մայիսին։

Նշենք նաեւ, որ  «Արեւելք»  մօտէն   պիտի  հետեւի  այս  ընտրութիւններուն եւ  թարմ   լուրերով    պիտի ներկայացնէ  տեղեկութիւններ ընտրութեան  մասնկացող   բոլոր  հայ թեկնածուներուն  մասին։