image

Կազայի մէջ զոհերուն թիւը անցաւ 8700-ը

Կազայի մէջ զոհերուն թիւը անցաւ 8700-ը

Իսրայէլա-պաղեստինեան հակամարտութեան վերջին սրման 25 օրուան ընթացքին Իսրայէլի կողմէ Կազայի հատուածի ռմբակոծութիւններու հետեւանքով աւելի քան 8,7 հազար պաղեստինցի զոհուած է, աւելի քան 22 հազարը՝ վիրաւորուած։ Այս մասին հաղորդած է Պաղեստինի առողջապահութեան նախարարութեան դիմատետրեան էջը։

«Կազայի հատուածին մէջ զոհերու մօտ 73%-ը երեխաներ են, ծերեր եւ կանայք»,-ըսուած է Առողջապահութեան նախարարութեան յայտարարութեան մէջ։ Նշուած է նաեւ, որ այս ընթացքին Յորդանան գետի Արեւմտեան ափին իսրայէլեան բանակի կրակէն զոհուած է 130 մարդ, վիրաւորուած՝ 2100-ը։

Նախարարութեան տուեալներով՝ վերջին 24 ժամուան ընթացքին իսրայէլեան օդուժը երեք անգամ հարուածներ հասցուցած է Կազայի հատուածի բուժհաստատութիւններու մօտակայքը, որ յանգեցուցած է անոնցմէ մէկու աշխատանքի դադրեցման եւ աւերածութիւններու՝ միւս երկուքին։ Ներկայ պահուն Կազայի հատուածին մէջ կ՚աշխատի բուժհաստատութիւններու միայն մէկ երրորդը․ 35 հիւանդանոցէ կը գործեն միայն 16-ը, իսկ 72 դարմանատունէն դադրած է գործել աւելի քան 50-ը։

Պաղեստինի առողջապահութեան նախարարութեան վիճակագրութեան համաձայն՝ այս ընթացքին զոհուած է 132 բժիշկ, վիրաւորիուած՝ 110-ը, յարձակման ենթարկուած է շտապօգնութեան աւելի քան 50 մեքենայ, որոնցմէ 28-ը շարքէ դուրս եկած են։ Կազայի հիւանդանոցներուն մէջ դեղորայքի եւ ելեկտրական արտադրիչի շահագործման համար անհրաժեշտ վառելիքի սղութեան պատճառով այնքան բարդ իրավիճակ ստեղծուած է որ բժիշկները ստիպուած կ՚ըլլան առանց անզգայացման վիրահատութիւններ կատարել, այդ շարքին՝ սեզարեան հատումներ ու այլ բարդ վիրահատական միջամտութիւններ։