Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան (ԱՀԿ) ընդհանուր տնօրէն Թեդրոս Ատհանոմ Ղեպրեյէսուսը նախազգուշացուցած է Կազայի հատուածին մէջ իսրայէլեան բանակի ռմբակոծութիւններու պատճառով սպասուող սովի մասին։ Համապատասխան յայտարարութիւնը ան հրապարակած է X-ի էջին:
Ան նշած է, որ «Կազայի մէջ սով կը սպասուի՝ շարունակական ռմբակոծութիւններու պատճառով»։
«Սնունդի պակասը եւ հիւանդութիւնները կը պատուհասեն տարածաշրջանի բնակչութիւնը։ Այժմ անհրաժեշտ է անյապաղ, համաձայնեցուած գործողութիւններ՝ ապահովելու սնունդի եւ դեղորայքի հրատապ առաքումը եւ հիւանդանոցները յարձակումներէ պաշտպանելու համար, որ բուժաշխատողները կարողանան հոգ տանիլ սովէ, հիւանդութիւններէ եւ վնասուածքներէ թուլացած հիւանդներուն», -ըսած է Ղեպրեյէսուսը:
Ան եւս մէկ անգամ կոչ ըրած է «անյապաղ զինադադար» հաստատելու եւ ապահովելու մարդասիրական կազմակերպութիւններու մուտքը դէպի պաղեստինեան անկլաւ:
Մարտ 24-ին ՄԱԿ-ի՝ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Պաղեստինի փախստականներու օգնութեան եւ աշխատանքի գործակալութեան (UNRWA) ընդհանուր յանձնակատար Ֆիլիփ Լազարինին ըսած է, որ հրէական պետութեան իշխանութիւնները այլեւս թոյլ չեն տար մարդասիրական շարասիւններու մուտքը Կազայի հիւսիսային հատուած։ Անոր խօսքով, «Իսրայէլի իշխանութիւնները ՄԱԿ-ին տեղեկացուցած են, որ այլեւս հաւանութիւն պիտի չտան UNRWA-ի պարէնային շարասիւններու մուտքն անկլաւի հիւսիս»։