image

Կազայի մէջ Իսրայէլի գործած անօրինութիւնները մերժելի են. Հաքքան Ֆիտան

Կազայի մէջ Իսրայէլի գործած անօրինութիւնները մերժելի են. Հաքքան Ֆիտան

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան հեռախօսազրոյց ունեցած է Չեխիոյ Արտաքին գործոց նախարար Եան Լիփավսքիի հետ, որու ընթացքին, անդրադառնալով պաղեստինա-իսրայէլեան հակամարտութեան սրման, յայտարարած է, որ Կազայի հատուածին մէջ «Իսրայէլի յանցագործութիւնները» անթոյլատրելի են։

Այս մասին հաղորդած է ԹԱՍՍ գործակալութիւնը՝ Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրին յղումով։

«Բանակցութիւններու ընթացքին քննարկուած են Կազայի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները, եւ Արտաքին գործոց նախարարն ընդգծած է, որ Իսրայէլի կողմէ Կազայի մէջ խաղաղ բնակչութեան դէմ իրականացուած յանցագործութիւններն անընդունելի են։ Ֆիտանը նշած է, որ անհրաժեշտ է հնարաւորինս արագ լիարժէք հրադադար հաստատել եւ Կազա մարդասիրական օգնութիւն հասցնել», -յայտնած է գործակալութեան աղբիւրը։

Բացի այդ, Ֆիտան բանակցութիւններ վարած է նաեւ իր հոլանտացի պաշտօնակցի՝ Հանքէ Պրուինս Սլոթի հետ, որոնց ընթացքին եւս քննարկուած են Մերձաւոր Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները։

«Ֆիտանն ըսած է, որ պէտք է համատեղ ջանքեր գործադրել, որ Կազայի մէջ մագլցումի հետեւանքով լարուածութեան աճը չվերաճի տարածաշրջանային ճգնաժամի», -աւելցուցած է գործակալութեան զրուցակիցը։