image

Կազայի մասին կարեւոր յայտարարութիւն Գահիրէէն. Յայտարարութեան տակ ստորագրած են Նախագահներ՝ Սիսի  եւ Մաքրոն, թագաւոր՝ Ապտալլա

Կազայի մասին կարեւոր յայտարարութիւն Գահիրէէն. Յայտարարութեան տակ ստորագրած են Նախագահներ՝ Սիսի  եւ Մաքրոն, թագաւոր՝ Ապտալլա

Ֆրանսայի եւ Եգիպտոսի նախագահներ Էմանուէլ Մաքրոնը եւ Ապտել Ֆաթթահ Սիսին, ինչպէս նաեւ Յորդանանի թագաւոր Ապտալլա երկրորդը Գահիրէի մէջ կայացուցած են եռակողմ գագաթնաժողով՝ Կազայի մէջ տիրող իրավիճակի վերաբերեալ։

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին հաղորդած է CNN-ը։

Յորդանանի, Եգիպտոսի եւ Ֆրանսայի ղեկավարները համատեղ յայտարարութեամբ կոչ ըրած են «անյապաղ վերականգնելու Կազայի հատուածին մէջ հրադադարը եւ իրականացնելու յունուար 19-ին ստորագրուած համաձայնագիրը, որ կը նախատես բոլոր պատանդներու ազատ արձակման եւ բոլորի անվտանգութեան երաշխիքը»՝ ընդգծելով նաեւ մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու անհրաժեշտութիւնը։

Ֆրանսայի, Եգիպտոսի եւ Յորդանանի առաջնորդները յայտարարած են, որ Պաղեստինի ինքնավարութիւնը պէտք է ստանձնէ Կազայի յետպատերազմեան կառավարումը:

«Կազայի, ինչպէս նաեւ պաղեստինեան բոլոր տարածքներու կառավարումը, օրէնքն ու կարգուկանոնը, ինչպէս նաեւ անվտանգութիւնը միջազգային աջակցութեամբ պէտք է ըլլան Պաղեստինի ինքնավարութեան պատասխանատւութեան ներքոյ», -ըսուած է երեք պետութիւններու ղեկավարներու համատեղ յայտարարութեան մէջ:

Անոնք նաեւ մտահոգութիւն յայտնած են «Յորդանան գետի Արեւմտեան ափին եւ Արեւելեան Երուսաղէմի մէջ մարդասիրական իրավիճակի վատթարացման կապակցութեամբ»:

Յայտարարութեան մէջ առաջնորդները մերժած են իրենց հողէն պաղեստինցիներու տեղահանման եւ պաղեստինեան տարածքներու բռնակցման որեւէ փորձ: Անոնք նաեւ կոչ ըրած են միջազգային աջակցութիւն ցուցաբերելու Կազայի վերականգնման ծրագրին, որ ընդունուած է մարտ 4-ին Գահիրէի մէջ կայացած Արաբական գագաթնաժողովին եւ հաստատուած մարտ 7-ին Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան կողմէ:

Եգիպտոսի նախագահի գրասենեակը յայտարարութիւն տարածած է, համաձայն որու՝ եռակողմ գագաթնաժողովի շրջածիրէն ներս Եգիպտոսի, Ֆրանսայի եւ Յորդանանի առաջնորդներն ապրիլ 7-ին համատեղ հեռախօսազրոյց ունեցած են Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ՝ քննարկելով Կազայի հատուածի մէջ հրատապ հրադադար ապահովելու ուղիները:

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը ապրիլ 6-ի երեկոյեան մեկնարկած էր պաշտօնական այցը Եգիպտոս, որու նպատակն է քննարկել Կազայի հատուածի մէջ պատերազմին վերջ տալու հնարաւորութիւնները: