image

Կազայի հատուածին մէջ երկարաձգուած մարդասիրական հրադադարը ուժի մէջ մտած է. Հրադադարը պիտի շարունակուի մինչեւ նոյեմբեր 30

Կազայի հատուածին մէջ երկարաձգուած մարդասիրական հրադադարը ուժի մէջ մտած է. Հրադադարը պիտի շարունակուի մինչեւ նոյեմբեր 30

Իսրայէլի եւ պաղեստինեան ՀԱՄԱՍ շարժման միջեւ երկարաձգուած մարդասիրական հրադադարը 28 նոյեմբերի վաղ առաւօտեան ուժի մէջ մտած է։

27 Նոյեմբերի երեկոյեան Քաթարի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած էր, որ մարդասիրական հրադադարը երկու օրով երկարաձգելու պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է, եւ նոյեմբեր 24-ին սկսած հրադադարը պիտի շարունակուի մինչեւ հինգշաբթի՝ նոյեմբեր 30-ը:

Կը սպասուի, որ երկու օրուան մէջ Կազայի հատուածէն 20 իսրայէլացի պատանդ ազատ կ՚արձակուի, իսկ Իսրայէլի բանտերէն` 60 պաղեստինցի բանտարկեալ։