image

Կազայի ամբողջ բնակչութիւնը կանգնած է սովահարութեան վտանգի առջեւ

Կազայի ամբողջ բնակչութիւնը  կանգնած է սովահարութեան վտանգի առջեւ

Կազայի հատուածին մէջ ամբողջ բնակչութիւնը՝ աւելի քան 2,2 միլիոն մարդ, կը բախի ճգնաժամի կամ սովի աւելի ծանր մակարդակի, սովահարութեան վտանգն օրէ օր կը մեծնայ՝ Իսրայէլի կողմէ ցամաքային յարձակման եւ անկլաւի ռմբակոծութեան շարունակման լոյսին տակ, ըսուած է ՄԱԿ-ի կողմէ աջակցուող Integrated Food Security Phase Classification կազմակերպութեան զեկոյցին մէջ:Այս մասին գրած է axios.com-ը:

Կազայի բնակչութեան մօտ 50%-ը կը բախի պարէնային անապահովութեան տագնապալի մակարդակի, մինչդեռ աւելի քան կէս միլիոն պաղեստինցի՝ բնակչութեան մօտ 26%-ը, սպառած են իրենց պարէնային պաշարները եւ կը բախին աղէտալի պայմաններու, ըսուած է IPC-ի զեկոյցին մէջ:

Զեկոյցին մէջ նախազգուշացուած է, որ յառաջիկայ վեց ամիսներուն սովահարութեան վտանգ կայ, եթէ թէժ հակամարտութիւնը եւ մարդասիրական օգնութեան սահմանափակ մուտքը շարունակուին կամ աւելի վատթարանան:

Զեկոյցին մէջ նշուած է, որ պայմանները յատկապէս սուր են Կազայի հիւսիսային հատուծին մէջ, որ հիմնական անհասանելի կը մնայ օգնութիւն ցուցաբերող խումբերու համար՝ մարտերու եւ որոշ տարածքներու նկատմամբ Իսրայէլի վերահսկողութեան պատճառով:

«Իրավիճակը Կազայի մէջ ակնյայտօրէն աղէտալի է բոլոր հատուածներու համար եւ կը պահանջէ չափազանց հրատապ քաղաքական արձագանգ՝ լիակատար բազմաոլորտային եւ ռազմավարական հաւասարակշռուած մարդասիրական արձագանգի հետ միասին», - նշած է IPC-ն: