image

Կազան ամենավտանգաւոր վայր

Կազան ամենավտանգաւոր վայր

ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի գործադիր տնօրէն Քեթրին Ռասըլը յայտարարած է, որ Կազայի հատուածը կրկին դարձած է երեխաներու համար ամենավտանգաւոր վայրը։

Ինչպէս գրած է ԹԱՍՍ գործակալութիւնը, Ռասըլը հակամարտող կողմերուն կոչ ըրած է ամէն ինչ ընելու երեխաները պաշտպանելու համար:

«Այսօր Կազան կրկին դարձած է երեխաներու համար ամենավտանգաւոր վայրը: Արդէն ձմեռ է: Հակամարտութեան բոլոր կողմերը պէտք է ամէն ինչ ընեն բոլոր երեխաներու կեանքն ու բարեկեցութիւնը պաշտպանելու համար, ուր ալ որ անոնք ըլլան: Երեխաներն այլեւս պէտք չէ մահանան այս հակամարտութեան ընթացքին»,- գրած է Ռասըլը X-ի իր էջին (նախկին՝ Twitter):