28 Յունիսին, Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահի` Ազգային ապահովական հարցերու խորհրդական Ճէյք Սալիվանի հանդիպումը, որուն ներկայ էր նաեւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն յայտնեցին, որ Հարաւային Կովկասի մէջ երկարատեւ խաղաղութեան եւ կայունութեան հասնելու պարունակին մէջ, Միրզոյեան ընդգծեց Ալմա-Աթայի հռչակագիրի եւ 1975ի քարտէսին հիման վրայ սահմանազատման հարցին մէջ առաւելագոյն որոշակիութիւն ապահովելու, ինչպէս նաեւ զօրքերը ետ քաշելու կարեւորութիւնը: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ տարածաշրջանային ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման հարցերուն` ընդգծելով ինքնիշխանութեան, իրաւազօրութեան, հաւասարութեան ու փոխադարձութեան սկզբունքներու պահպանման այլընտրանքի բացակայութիւնը:
Միրզոյեան անգամ մը եւս ընդգծեց Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու եւ ապահովութեան հարցերու պատշաճ հասցէագրման կարեւորութիւնը: Անդրադառնալով Արցախի մէջ Ատրպէյճանի յարձակողական գործողութեան, որ պատճառեց չորս զոհեր` Միրզոյեան շեշտեց, որ այսպիսի գործողութիւններ կը միտին վտանգել բանակցային գործընթացի ջանքերը, եւ ընդգծեց ուժի կամ ուժի սպառնալիքի կիրարկման բացառման հրամայականը: Ան դիտել տուաւ, որ այդ գործողութիւնը տեղի կ՛ունենայ Լաչինի միջանցքի ապօրինի փակման պատճառով Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամին, կազի եւ ելեկտրականութեան մատակարարման` Ատրպէյճանի կողմէ միտումնաւոր խափանումներուն զուգահեռ, ինչ որ կը միտի Արցախը ցեղային զտման ենթարկել: