image

Իտալիան Ուքրանիոյ օգնութիւն առաջարկած է՝ Օտեսայի հրթիռակոծուած տաճարի վերակառուցման համար

Իտալիան Ուքրանիոյ օգնութիւն առաջարկած է՝ Օտեսայի հրթիռակոծուած տաճարի վերակառուցման համար

Իտալիան Ուքրանիոյ օգնութիւն առաջարկած է Օտեսայի հրթիռակոծուած Կերպարանափոխման տաճարի եւ այլ վնասուած ճարտարապետական ​​ժառանգութեան կառոյցներու վերականգնման համար, ըսուած է Հռոմի յայտարարութեան մէջ:

Անցած գիշեր Օտեսայի մէջ երկու անգամ օդային հարուածի մասին ահազանգ յայտարարուած է։

Քաղաքային խորհուրդը յայտնած է Կերպարանափոխման տաճարի վնասներու մասին։ ՌԴ ՊՆ-ն յայտարարած է, որ չէ հարուածած այն տարածքը, ուր կը գտնուի տաճարը, նշելով, որ այն հաւանաբար խոցուած է ուքրանական հրթիռով «Հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը գործարկողներու անգրագէտ գործողութիւններու հետեւանքով»։