Մեղրամիս յիշեցուցած այս փոխանակումներէն անմիջապէս ետք, նոր նշաձողի մը մասին յարելով վարչապետի բանբերը՝ Նազելի Պաղտասարեան տեղեկացուց, որ մօտաւոր ապագային Փաշինեան պիտի մասնակցի՝ Ռուսաստանի հիւրընկալմամբ նախատեսուած ՊՐԻՔՍ-ի գագաթաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ Քազանի մէջ։ Այս բոլորին մէջ աւելի քան յստակ է, անշուշտ, որ Փաշինեան շատ արագ քայլերով կը վերադառնայ դէպի ռուսական ուղեծիրը՝ միեւնոյն ժամանակ տարածաշրջանի մեծ խնդիրներու ամբողջ թղթածրարին դիմաց արտայայտելով բաւական չէզոք ու նոյնիսկ աղօտ դիրքորոշումներ։ Ու այս նոյն կէտին վրայ, անշուշտ, մեր առջեւ կը բացուի տարածաշրջանային խնդիրներու ամբողջ հանգոյցը, որուն երկու ծայրերը կապուած են մէկ կողմէ Իրանին, իսկ միւս կողմէ Ռուսաստանին։
Անցեալ օրերուն հնչեցին յայտարարութիւններ, որոնք կը վկայեն Թեհրան-Մոսկուա բաւական բարձր լարուածութեան մասին։ Թերեւս առաջին անգամն է, որ այսպիսի լարուածութիւն մը ի յայտ կու գայ Ռուսաստանի եւ Իրանի միջեւ։ Իրանի կողմէ «Զանգեզուրի միջանցք»ի երեւոյթը կամ խաղադրոյքը բացարձակապէս կը մերժէին սոյն յայտարարութիւնները, որոնք հնչեցին Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի դէպի Ատրպէյճան պաշտօնական այցելութեան յաջորդած մթնոլորտին մէջ։
Այդ այցելութեան մասին զանազան հարթակներու վրայ քննարկումներ եղան։ Յատկապէս Հայաստանի արեւմտամէտ շրջանակները Փութինը մեղադրեցին՝ Երեւան-Պաքու առանցքին վրայ նոր հրահրումներ դրդելով, նաեւ Պաքուի որոշակի կանաչ լոյս մը տալով ռազմական գործողութիւններու համար։ Տակաւին յստակատեսութիւն մը չկայ այս առումով, սակայն, բացայայտօրէն երեւելի դարձած է նաեւ, որ Փութինի վերադարձէն վերջ Երեւան-Մոսկուա ընդհանուր ձիւնահալի պատկերն ալ կը պարզուի աստիճանաբար։
Եւ այսպէս, Փութին զանգահարեց Փաշինեանին, յայտնեց Պաքուի մէջ իր ունեցած հանդիպման արդիւնքներուն մասին, նաեւ շեշտեց, որ Ռուսաստան պատրաստ է իր բոլոր հնարաւոր միջոցներով սատարել, որպէսզի արագօրէն հունի մը մէջ մտնէ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութեանց կարգաւորման ընդհանուր գործընթացը։
Այդ բոլորին շատ արագ «դիմադարձեց» Փաշինեան՝ վերջերս սարքած մամլոյ ասուլիսով (տես այս սիւնակին մէջ, 2 սեպտեմբեր 2024, երկուշաբթի)։ Ան դրական պատգամներ յղեց Մոսկուային ու ամբողջ աշխարհին՝ իր համախոհներուն եւ ընդդիմախօսներուն առջեւ յայտարարելով, որ Հայաստան կը շարունակէ մնալ Ռուսաստանի վստահելի գործընկերը, իսկ Ռուսաստան, իր կարգին, Հայաստանի ամենակայուն ռազմավարական դաշնակիցն է։
Մեղրամիս յիշեցուցած այս փոխանակումներէն անմիջապէս ետք, նոր նշաձողի մը մասին յարելով վարչապետի բանբերը՝ Նազելի Պաղտասարեան տեղեկացուց, որ մօտաւոր ապագային Փաշինեան պիտի մասնակցի՝ Ռուսաստանի հիւրընկալմամբ նախատեսուած ՊՐԻՔՍ-ի գագաթաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ Քազանի մէջ։ Այս բոլորին մէջ աւելի քան յստակ է, անշուշտ, որ Փաշինեան շատ արագ քայլերով կը վերադառնայ դէպի ռուսական ուղեծիրը՝ միեւնոյն ժամանակ տարածաշրջանի մեծ խնդիրներու ամբողջ թղթածրարին դիմաց արտայայտելով բաւական չէզոք ու նոյնիսկ աղօտ դիրքորոշումներ։ Ու այս նոյն կէտին վրայ, անշուշտ, մեր առջեւ կը բացուի տարածաշրջանային խնդիրներու ամբողջ հանգոյցը, որուն երկու ծայրերը կապուած են մէկ կողմէ Իրանին, իսկ միւս կողմէ Ռուսաստանին։
Խօսքը, ուրեմն, տեղայնականէն եւ Երեւան-Մոսկուա յարաբերութիւններու հիմնարար խնդրէն անդին՝ կապուած է տարածաշրջանի վճռորոշ ճանապարհներու եւ հանգոյցներու խնդրին։ Զուգահեռաբար՝ ամէնօրեայ դրութեամբ կրնան պատահիլ բաւական լուրջ զարգացումներ։ Այս ամբողջին առանցքը կը կազմեն Հայաստանի Սիւնեաց աշխարհին վերաբերեալ Ռուսաստանի եւ Իրանի հակոտնեայ դիրքերն ու կեցուածքները, որոնց առընթեր այս փուլին կարծէք ո՛չ Ատրպէյճանը, ո՛չ ալ Հայաստանը տրամադրութիւն ունին ազդեցիկ խօսք մը ըսելու։
Մեծ խաղին մէջ հիմնական խօսքի տէրերը պիտի հանդիսանան մեծ խաղացողները։ Այս յարաբերակցութեան մէջ աւելի ուշ պիտի վճռուի Սիւնիքի ճանապարհահանգուցային խնդիրը, որմէ ետք միայն կարելի է ակնկալել՝ Երեւան-Պաքու ենթադրեալ հաշտութեան պայմանագրի մասին լրջօրէն արտայայտուիլը։
Ամէն պարագայի, վերջին շրջանին քննարկման առարկայ դարձած ռուս-իրանական որոշակի անհամաձայնութեան նիւթին մասին ուշագրաւ հրապարակում մը կատարուած է «Թասնիմ» գործակալութեան կողմէ։ Այսպէս, Փութինի Պաքու այցէն ետք, ռուս բարձրաստիճան պաշտօնեաները յաճախակիօրէն կրկնել սկսան Հարաւային Կովկասի հաղորդակցութիւններու վերաբերեալ յայտարարութիւնները։ Սա կը պահանջէ Իրանի կողմէ կարգ մը սկզբունքներու յստակ շեշտադրումը: Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով օրերս ըսած էր, որ Մոսկուա կողմնակից է Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի շուտափոյթ կնքման, հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման: Ան նաեւ պնդած էր, որ Սիւնիքի մարզի հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակումը կը խափանարարուի Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ։ Լաւրովի այս դիրքորոշումը տարաբնոյթ մեկնաբանութիւններու եւ շահարկումներու պատճառ դարձած է՝ զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մօտ։ Հիմնական պնդումն է, որ Մոսկուան ցանկութիւն ունի «Զանգեզուրի միջանցք»ը բանալու։
Ըստ նոյն հրապարակման, Իրանի բարձրաստիճան պաշտօնեաները՝ Ռուսաստանի, Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ պաշտօնեաներուն հետ զանազան հանդիպումներու ընթացքին բազմիցս յայտարարած են՝ Թեհրանի այս միջանցքի պարագային բացայայտ հակազդեցութեան մասին՝ քանի աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններու պատճառ կրնայ դառնալ տարածաշրջանէն ներս, սահմաններու փոփոխութիւնով հանդերձ։
Մոսկուայի զգայնութիւնը աւելիով սրուած է Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովայի վերջին յայտարարութիւններէն ետք։ Ան ըսած է, որ Զանգեզուրի երթուղին կրնայ Հայաստանի Սիւնիքի մարզով Ատրպէյճանի հիմնական տարածքը կապել Նախիջեւանի հետ, երթուղիի ապաշրջափակման հարցը անպայման կը քննարկուի Հայաստանի հետ՝ եռակողմանի հաշտութեան բանակցութիւններու շրջանակներուն մէջ։ Պատասխանելով Իրանի դիրքորոշման վերաբերեալ հարցման՝ Զախարովան յայտնած է. «Մենք տեսած ենք Իրանի մտահոգութիւնը «Զանգեզուրի միջանցք»ին վերաբերեալ, հետեւաբար պարզաբանումներու համար պէտք է դիմել Թեհրանին։ Բայց, Մոսկուայի դիրքորոշումը այս հարցով միանգամայն յստակ է։ Մենք կ՚աշխատինք այն վստահութեամբ, թէ լուծումը պէտք է ընդունելի ըլլայ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ տարածաշրջանի հարեւան երկիրներուն համար»։
«Թասնիմ»ի հաղորդումներուն մէջ յիշեցուած է, որ վերջին քննարկումներէն ետք Իրան դիւանագիտական միջոցներու ձեռնարկած է՝ Ռուսաստանին անհրաժեշտ պատգամը փոխանցելու համար։ Թեհրանի մօտ Ռուսաստանի դեսպան Ալեքսէյ Տետով հրաւիրուած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւն։ Այս բոլորի լոյսին տակ, հաղորդման մէջ իրազեկ աղբիւրներու վկայակոչմամբ կը մատնանշուի, որ Իրան հարկ կը համարէ Ռուսաստանի իշխանութիւններուն քանի մը կէտ յիշեցնել։
Նախ, ռուսական կողմի կարգ մը յայտարարութիւնները հակասած են Իրանի ակնկալութիւններուն: Արդարեւ, Ռուսաստան Իրանի յստակ ու ճիշդ դիրքորոշման մասին, բազմաթիւ առիթներով բաւարար տեղեկութիւն ստացած է, բարձրաստիճան պաշտօնեաներու միջոցաւ։ Այսինքն, Իրան դէմ է այս տեսակի միջանցքի մը, որ կը կապէ Նախիջեւանը Ատրպէյճանին՝ Զանգեզուր կամ ուրիշ տեղ։ Հետեւաբար Մոսկուայի մօտեցումը անակնկալ կը պատճառէ եւ ապշեցուցիչ է:
Իրան անվտանգութեան տեսակէտէ որեւէ փոփոխութիւն չ՚ընդունիր իր սահմաններու մօտակայքին: Չկայ այնպիսի կանոն մը, ըստ որու՝ Հարաւային Կովկասի երկիրներէն որեւէ մէկուն անվտանգութիւնն ու աշխարհաքաղաքական դիրքը օգուտ մը չ՚ապահովեր միւսներէն աւելի: Ուրեմն, ինչո՞ւ Ռուսական կողմը կը կարծէ, թէ պէտք է «Զանգեզուրի միջանցք»ը օգտագործէ Հայաստանի հետ իր խնդիրները լուծելու համար։ Իրանի մօտեցումներով՝ կը թուի, թէ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը խաբկանքի մէջ է եւ կը կարծէ, թէ իրեն ձեռնտու է լուծել Հայաստանի հետ խնդիրը՝ օգտագործելով երեւակայական «Զանգեզուրի միջանցք»ը, որ, ի հարկէ, պիտի չբացուի Իրանի հակազդեցութեան պատճառով: «Զանգեզուրի միջանցք»ի բացումը կը նշանակէ դէպի Եւրոպա Իրանի դարպասներէն մէկուն փակումը եւ անոր հարեւան երկիրներու թիւը մէկով պակսեցնել՝ իջեցնելով 15-էն 14-ի։
Հաշուի առնելով ռազմավարական յարաբերութիւններու հայեցակարգը, որուն կը ձգտին Իրանն եւ Ռուսաստանը՝ նման մարտավարական քայլերու ձեռնարկելը կը հակասէ ռազմավարական յարաբերութիւններու սկզբունքներուն... Եթէ որեւէ երկիր կը կարծէ, թէ կրնայ իր խնդիրները լուծել իր սահմաններէն դուրս՝ ուրիշներու համար բանալով հակամարտութիւններու նոր ճակատ մը, ապա աշխարհի վրայ որեւէ տեղ ապահով չէ ու աշխարհ կը մնայ մշտական քաոսի մէջ:
Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/Պոլիս