image

Ալեն Սիմոնեանը պիտի մասնակցի Մայր Տաճարի վերաօծման արարողութեան

Ալեն Սիմոնեանը պիտի մասնակցի Մայր Տաճարի վերաօծման արարողութեան

Tert.am-ի տեղեկութիւններով Ազգային Ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանը պիտի մասնակցի Մայր Տաճարի վերաօծման արարողութեան։

Լուրը ճշդելու համար կապ հաստատուած է Սիմոնեանի խօսնակ Մովսէս Յարութիւնեանի հետ, որ ըսած է, որ չի մեկնաբաներ նշեալ տեղեկութիւնը`աւելցնելով, որ մասնակցութեան որոշման մասին ըստ անհրաժեշտութեան կը տեղեկացնեն լրատուամիջոցներուն։

Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ Մայր Տաճարի մէջ տուած ասուլիսի ժամանակ Արշակ Սրբազանը տեղեկացուցած էր, որ իրենք իշխանութիւններուն հրաւէր ուղարկած են մասնակցելու Մայր Տաճարի վերաօծման արարողութիւններուն, բայց միայն Ազգային Ժողովի նախագահը յստակ պատասխան տուած է, որ պիտի չմասնակցի քանի որ գործուղման մէջ պիտի ըլլայ այդ օրերուն:

Նշենք, որ նախատաեսուած էր Ազգային Ժողովի նախագահի պատուիրակութեան պաշտօնական այցը Գանատա սեպտեմբեր 25-էն 30-ը, սակայն այցը յետաձգուած է:

Յիշեցնենք, որ սեպտեմբեր 28-ին՝ ժամը 17։00-ին, տեղի պիտի ունենայ Միւռոնօրհնութեան արարողութիւն Սուրբ Տրդատի բաց խորանին մէջ, սեպտեմբեր 29-ին՝ ժամը 10։30-ին՝ Մայր Տաճարի վերաօծման արարողութիւն: