Մասքաթի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Օմանի Արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութենէն:
Աւելի վաղ հաղորդուած էր, որ Մարտ 17-19-ին Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան աշխատանքային այցով պիտի գտնուի Օման։ Ծրագրուած է հանդիպում Օմանի Սուլթանութեան Արտաքին գործոց նախարար Պատր պըն Համատ պըն Համուտ Ալ-Պուսաիտիի հետ։
Օմանի մայրաքաղաք Մասքաթի մէջ տեղի պիտի ունենայ ՀՀ դեսպանութեան պաշտօնական բացումը։
Նախատեսուած է նաեւ արաբական երկիրներու մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններու հաւաք։