image
Հրատապ լուրեր:

Իտալացիք նոր պայմանագիր պիտի կնքեն Ատրպէյճանի հետ

Իտալացիք նոր պայմանագիր պիտի կնքեն Ատրպէյճանի հետ

Իտալիան մտադիր է Ատրպէյճանին հետ չորս կազային ջրանիւներու (turbines) վաճառքի նոր պայմանագիր կնքել, շաբաթ օր յայտարարած է արդիւնաբերութեան նախարար Ատոլֆօ Ուրսոն՝ Ատրպէյճան կատարելիք այցէն առաջ, հաղորդած  է Reuters։

Գործարքին կը մասնակցին ելեկտրականութեան ոլորտի համար ծառայութիւններ մատուցող իտալական Ansaldo Energia-ն եւ երկրի ելեկտրականութիւն ամենամեծ արտադրող Azerenerji-ն, ըսուած է նախարար Ատոլֆօ Ուրսոյի յայտարարութեան մէջ: Ան ֆինանսական մանրամասնութիւններ չէ յայտնած։

Այս լուրը յայտնուած է, Իտալիան եւ Լիպիան կազի արդիւնահանման 8 միլիառ տոլար արժողութեամբ պայմանագիր ստորագրելէն ետք, որու նպատակն է մեծցնել ուժանիւթակիրներու Եւրոպա մատակարարումները:

Իտալիան կ'աշխատի կրկնապատկելով մինչեւ 20 միլիառ խորանարդ մեթրի հասցնել Անտրատրիաթիկ կազատարի (TAP) թողունակութիւնը, որ ատրպէյճանական կազը կը բերէ Ափուլիա՝ երկրի հարաւ-արեւելքը:

«Յուսով եմ, որ առաքելութիւնը կը ծառայէ մեր երկու երկիրներու միջեւ ռազմավարական յարաբերութիւններու ամրապնդման»,- ըսած է Ուրսոն, որ կիրակի օր պիտի հանդիպի Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ նախարարներուն հետ։

«Կասպից ծովու ե՛ւ ուժանիւթով ե՛ւ հումքով հարուստ Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներու միջեւ իր աշխարհագրական դիրքի շնորհիւ Ատրպէյճանը կրնայ աւելի ու աւելի շատ կամուրջ դառնալ դէպի մեր երկիր, Եւրոպա եւ Միջերկրական ծով՝ անով իսկ հաստատելով Իտալիոյ դերը՝ որպէս Եւրոպայի ուժանիւթի հանգոյց»,- աւելցուցած է իտալացի նախարարը։