Իսրայէլի ռազմաօդային ուժերը վերջին մէկ օրուան ընթացքին Եւրոպայէն երկիր տեղափոխած են հարիւրաւոր իսրայէլցի զինուորականներ, որ անոնք մասնակցին Կազայի հատուածին մէջ Համաս խմբաւորման դէմ պատերազմին, յայտնած է timesofisrael.com-ը:
Զինուորականները մանրամասնած են, որ C-130 եւ C-130J ծանր փոխադրային ինքնաթիռները թռած են Եւրոպայի տարբեր երկիրներ՝ ծառայութենէ դուրս գտնուող զինուորները Իսրայէլ վերադարձնելու համար:
Գործողութիւնը իրականացուած է Իսրայէլի Արտաքին գործոց նախարարութեան հետ համաձայնեցուած, յայտնած է Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը։