Իսրայէլի եւ պաղեստինեան ՀԱՄԱՍ շարժման պատուիրակութիւնները մարտ 2-ին պիտի մեկնին Եգիպտոսի մայրաքաղաք Գահիրէ՝ ոչ պաշտօնապէս քննարկելու Կազայի հատուածին մէջ հրադադարի հաստատման եւ գերիներու փոխանակման հարցը:
Այդ մասին յայտնած է իրանեան ԻՌՆԱ գործակալութիւնը վկայակոչելով իսրայէլեան «Քան» հեռուստաալիքը:
Նշուած է, որ Իսրայէլի պատուիրակութիւնը Եգիպտոսի իշխանութիւններուն պիտի ներկայացնէ պաղեստինցի այն բանտարկեալներու անունները, որոնց մտադիր չէ ազատ արձակել։ Միաժամանակ, պիտի ներկայացուի իսրայէլցի գերիներու անուանացանկը, որոնց պէտք է ազատ արձակէ Պաղեստինի դիմադրութեան շարժումը: Այդ տեղեկութիւնն, ըստ ԻՌՆԱ-ի, հաստատած է նաեւ «Ալ Ճազիրա» հեռուստաընկերութիւնը: