Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը յայտարարած է, որ իր զօրքերը դուրս բերած է Կազայի հատուածի հարաւը գտնուող Խան Եունէս քաղաքէն, որ կը համարուի իսլամիստական «Համաս» շարժման կարեւոր յենակէտը։
Իսրայէլեան զօրքերը կատարած են իրենց առաքելութիւնը եւ այժմ կը լքեն տարածքը «ուժերը վերականգնելու եւ հետագայ գործողութիւններուն նախապատրաստուելու համար», ճշդած է բանակի հրամանատարութիւնը: Այդ մասին հաղորդած է dpa-ն:
Միաժամանակ, յայտարարութեան մէջ ըսուած է, որ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի «զգալի ուժեր» պիտի մնան Կազայի հատուածին մէջ, որոնք «պիտի պահպանեն իսրայէլեան բանակի գործողութիւններու ազատութիւնը եւ հետախուզական տուեալներու հիման վրայ ճշգրիտ գործողութիւններ իրականացնելու անոր հնարաւորութիւնը»:
Dpa գործակալութիւնը նշած է, որ պարզ չէ, թէ արդեօք Խան Եունէսէն զօրքերու դուրսբերումը կը նշանակէ՞ «կարեւոր շրջադարձ» Իսրայէլի՝ «Համաս»ի դէմ պատերազմին մէջ, թէ՞ այն միջանկեալ քայլ է Եգիպտոսի հետ սահմանին գտնուող Ռաֆահ քաղաքին մէջ նոր գործողութիւն սկսելու համար: