image

Իսրայէլ VS «ՀԱՄԱՍ».Արիւնալի պայքար, առանց աւարտներու...

 Իսրայէլ VS «ՀԱՄԱՍ».Արիւնալի պայքար, առանց աւարտներու...

  «ՀԱՄԱՍ»ի սխալները, իսրայէլեան կառավարութեան  բացթողումները եւ պաղեստին-իսրայէլեան խնդիրը։ Այս բոլորին մասին «Արեւելք»ին մեկնաբանութիւններ կատարած է  լրագրող-մեկնաբան՝ Սագօ Արեան 

 Վերջինիս կարծքիով այսօր Իսրայէլի մէջ հնչող թիւ մէկ հարցումը կապուած է «ՀԱՄԱՍ»ի յարձակումի «թայմինկ»ին հետ։

 Այս առումով Արեան կը մատնանշէ, թէ« Այս օրերուն կարեւորագոյն հարցումը հետեւեալն է, թէ ինչո՞ւ «ՀԱՄԱՍ» այս ծաւալի գործողութեան դիմեց առանց մտածելու ծանր հետեւանքներուն մասին»։

Արեան նաեւ հարց կու տայ իսրայէլեան բանակի   ուժին եւ կարողականութեան մասին, նշելով, որ իսրայէլեան կողմին մօտ երեւելի դարձած շփոթահար իրավիճակը մէկէ աւելի հարցադրումներու դուռ կը բանայ։

 Ան աւարտին կը վստահեցնէ, որ պաղեստին-իսրայէլեան հակամարտութիւնը հնարաւոր է լուծել միայն խաղաղ ճանապարհով ու ամենատխուրն այն է, որ պաղեստինցի ժողովուրդը այսօր կը վճարէ «ՀԱՄԱՍ»ի մեծ սխալներուն գինը։

Միւս մանրամասնները՝ տեսանիւթով։