image

Պիտի զօրացնենք «Հըզպալլա»-ի դէմ հարուածները. Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար

Պիտի զօրացնենք «Հըզպալլա»-ի դէմ հարուածները.  Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթը յայտարարած է, որ բանակը զօրաւոր հարուածներ կը հասցնէ Լիբանանի տարածքին մէջ «Հըզպալլա» շարժման թիրախներուն եւ պիտի շարունակէ հարուածները այնքան ժամանակ, քանի դեռ Իսրայէլի հիւսիսի մէջ՝ Լիբանանի հետ սահմանին, անվտանգութիւնը չէ վերականգնուած:

«Անցեալ տարուընէ եւ յատկապէս վերջին քանի մը շաբթուան ընթացքին մենք շատ զօրաւոր հարուածներ կը հասցնենք «Հըզպալլա»-ին: Մենք պիտի շարունակենք եւ պիտի մեծցնենք այս ջանքերը. մենք կը նախատեսենք անվտանգութիւն ապահովել հիւսիսի մէջ գտնուող քաղաքներուն մէջ, ապահով տուն վերադարձնել տարհանուածները», -ըսած է Կալանթ: