image

Իսրայէլ հարուածեց Լիբանանի Սուր քաղաքը

  Իսրայէլ հարուածեց  Լիբանանի Սուր քաղաքը

 Իսրայէլ հարուածներ տուած է Լիբանանի Սուր քաղաքին 

Իսրայէլեան օդուժը այս առաւօտ հարուածներ տուած է Լիբանանեան հարաւի Սուր քաղաքին։

Հարուածները կեդրոնացած են յատկապէս «Ռաշիտիյէ» գաղթականայանին, ինչպէս նաեւ «Ալ Քըլայլի» անունով յայտնի սարահարթի շրջանին։

 Կը նշուի նաեւ, որ յատկապէս այս շրջաններէն է, որ   ցարդ  անյայտ  խմբաւորումներ  աւելի  քան  հրթիռներ  34 նետուեցան Իսրայէլի ուղղութեամբ։

Մինչեւ այս պահը տուժածներու մասին տուեալներ չկան, եւ սակայն իրադրութիւնը կը շարունակէ մնալ մտահոգիչ։

 

Յիշեցնենք, որ իսրայէլի կողմէ եղած այս հարուածները պատասխան են երէկ Լիբանանի տարածքներէն դէպի Իսրայէլ եղած հրթիռակոծումներուն։

 

 Պիտի շարունակենք հետեւիլ զարգացումներուն։