image

Իսրայէլ դէպի քաղաքական նոր փուլ

Իսրայէլ դէպի քաղաքական նոր փուլ

Կարեւոր զարգացումներ կը գրանցուին Իսրայէլի մէջ: Երէկ երկրի խորհրդարանը՝ Քնեսեթը լուծարած է ինքզինք. կը սպասուի նաեւ, որ այս կարեւոր իրադարձութենէն ետք, երկիրը մտնէ նոր քաղաքական փուլ եւ տեղի ունենայ խորհրդարանական նոր ընտրութիւններ:

Կը նշուի նեաւ, որ յառաջիկայի խորհրդարանական ընտրութիւնները պիտի կայացուին 9 ապրիլ 2019-ին:

Նշենք, որ այս քաղաքական տագնապը ջուրի երես կու գար, յատկապէս, երբ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Աւեկտոր Լիպըրման կը ներկայացնէր իր հրաժարականը, այդպիսով պատճառ դառնալով, որ վարչապետ Բենիամին Նաթանիահոյի խորհրդարանական մեծամասնութիւնը փուլ գայ:

Լրատուական աղբիւրներ օրին երբ մեկնաբանեցին Լիպըրմանի հրաժարականը, յայտարարեցին նաեւ, որ ան կապ ունի անոր քաղաքական կեցուածքներուն հետ, յատկապէս Պաղեստինեան Կազզա շրջանի վերաբերեալ:

Յայտնենք նաեւ, որ Լիպըրմանի հրաժարականի նախօրէին Իսրայէլ ընթացք տուած էր զինուորական գործողութեան մը եւ մինչ Նաթանիահու կը յամառէր կրկամար յայտարարել եւ յետս կոչել կառավարութեան զինուորական ծրագիրը, Լիպըրման կը հաւատար, որ պէտք է ամէն գնով շարունակեն զինուորական գործողութիւնները, յատկապէս «Համաս» շարժումին դէմ:

Յայտնենք, որ առաջին անգամը չէ, որ Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահու նման քաղաքական տագնապի մը առջեւ կը յայտնուի: Աւելի վաղ եւս ան քննադատութիւններու թիրախ դարձած էր, կապուած կարգ մը մեղադրանքներու, որոնք կապ ունէին տնտեսական գործարքներու հետ: