image
Հրատապ լուրեր:

ISIS Ստանձնեց Շանլիուրֆայի Մէջ Սուրիացի Աքթիւիստներու Սպանութիւնը

ISIS Ստանձնեց Շանլիուրֆայի Մէջ   Սուրիացի Աքթիւիստներու Սպանութիւնը

Թուրքիա-(«Տէյլի Սապահ»- Պոլիս)- Ըստ «Տէյլի Սապահ»ին, Կիրակի օր, համացանցի վրայ տեղադրուած տեսաերիզով, «Իրաքի եւ Ալ Շամի Իսլամական պետութիւն»ը (ISIS), ստանձնեց Ուրբաթ օր տեղի ունեցած սարսափելի ոճիրին պատասխանատուութիւնը, սպաննելով Սուրիացի  երկու աքթիւիստ լրագրողներուն սպանութիւնը: Աղբիւրը կը հաղորդէ, որ  լրագրողները   Շանլիուրֆա  քաղաքի հարաւարեւմտեան կողմը կը բնակէին:Իպրահիմ Ապտիւլ Քատէր եւ Ֆարէս Համատի, կը հրատարակէին շաբաթաթերթ մը, որ կը կեդրոնանար Սուրիոյ մէջ ISIS-ի գործած վայրագութեան վրայ, անոնք ճեղքուած կոկորդով սպանուած գտնուած էին անցեալ շաբաթ  օր Շանլիուֆայի  իրենց տան մէջ: Թուրքիոյ ապահովական ուժերը ձերբակալած էին 21 սուրիացիներ, որոնք կը կարծուի, թէ  կրնան  կապ ունենալ յանցագործներուն հետ, սակայն աւելի ուշ  անոնք բոլորը ազատ արձակուած էին շնորհիւ ապացոյցներու բացակայութեան: Ոստիկանութիւնը տակաւին աշխուժօրէն կը հետախուզէ ոճրագործները:ISIS-ի աջակիցներու կողմէ արձակուած տեսաերիզ մը ցոյց կու տայ տեսակցութիւններ  երկու զոհերու մասին, որոնք անդամ էին «Րաքքա աննկատ կը մորթուի», աքթիւիստներուն պատկանող Ֆէյսպուքեան  էջին: Աղբիւրը  կը նշէ, որ    ISIS    դէպքին մասին հրապարակած է  տեսանիւթ մը,  որուն խորագիր   ընտրուած է  «Այս երկուքը սպանուեցան որովհետեւ անոնք խաչակիրներու հետ դաւադրեցին ընդդէմ ISIS- ի» բնաբանը:Զոհերը վեց ամիսներու տեւողութեան հրատարակած են սիրողական այս շաբաթաթերթը Շանլիուֆայի մէջ, որուն հիմնադիրն էր Իպրահիմ Ապտուլքատէ:Վերջերս այս շաբաթաթերթը յաղթող յայտարարուած էր, ստանալով մամուլի ազատութեան միջազգային մրցանակ, լրագրողներու պաշտպանութեան կոմիտէի CPJ-ի կողմէ, Րաքքայի մէջ ISIS - դաժանութիւններու լուսաբանման համար:  CPJ-ի Եւրոպայի եւ Միջին Ասիոյ ծրագիրները համակարգող Նինա Օգնիանովան հաստատագրով մը ըսած է, որ ներկայիս Թուրքիոյ սահմանին վրայ եւս հարցեր կան: Թէեւ ոճրագործութիւնները կը կրեն ISIS-ի մատնահետքերը, սակայն կասկածներ կան որոշ խումբերու ներգրաւումը սպանութիւններու մէջ:ISIS-ի կողմէ լրագրողներ թիրախ եղած են Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ, ըստ լրագրողներ առանց սահմաններու NGO կազմակերպութեան, խումբը սպաննած է 13 լրագրող, Իրաքի մէջ 2014-էն ի  վեր, յատկապէս Սուրիոյ մէջ, ան թիրախաւորած է օտար լրագրողներ: Թուրքիա տուն  դարձած է մեծ թիւով աքթիւիստ ընդիմադիրներու եւ  Սուրիոյ  իշխանութիւններուն  հակառակորդներուն: