Իրաք- («Ալ Հայեաթ»- Լոնտոն) Ըստ «Ալ Հայաթ»ին «Իսլամական պետութեան» խօսնակը, «Ապու Պաքըր Ալ Ատնանի» ձայնագրութեամբ ստուգեց սպանութիւնը կազմակերպութեան մէջ երկրորդ անձնաւորութեան՝ «Ապու Մուութազ Ալ Քրշիի», ծանօթ՝ «Ապու Մսլամ Ալ Թուրքմանի» անունով եւ ան սպաննուած է ամերիկացիներու ձեռամբ: «Ալ Ատնանի» սփռուող ձայնագրութեան մէջ ըսաւ.- «Ամերիկան ուրախութեամբ կը թռչկոտի Ապու Մուութազ Ալ Քրշիի սպանութեան առթիւ, ինքնախաբէութեամբ մը, թէ ատիկա մեծ յաղթանակ է»:Անցեալ 22 Օգոստոսին, Ուաշընկթըն յայտարարած էր սպանութիւնը ծայրահեղական կազմակերպութեան մէջ երկրորդ անձնաւորութեան՝ «Ալ Հաժ Մուութազ»ի անունով ճանչցուած եւ ըստ ամերիկեան բանբերի մը սւպանննութիւնը կատարուած է Իրաքի Մուսէլ քաղաքի մօտ, օդանաւային գրոհի մը ընթացքին: