Օրերս Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս հիւրընկալած է Together հաստատութեան հիմնադիր եւ համաշխարհային պատասխանատու Մամտուհ Լաուանտին: Հանդիպումին ներկայ էին «together» հաստատութեան Սուրիոյ ողջ անձնակազմը գլխաւորութեամբ Համայնքային գործիչ, եւ Together կազմակերպութեան Հալէպի ներկայացուցիչ՝ Տիար Յակոբ Յակոբեանի։
Հանդիպման նոյնպէս ներկայ եղած են Հալէպի քրիստոնեայ համայնքապետները իրենց ներկայացուցիչներով, հոգեշնորհ հայր սուրբեր, եւ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ։ Հանդիպումի ընթացքին ներկաները ծանօթացած են «together» հաստատութեան հիմնական նպատակին, աշխատանքին եւ հարուստ ծրագրաւորումին։
Ասոր մասին «Արեւելք» իմացաւ Բերիոյ թեմի դիմատետրեան էջէն:
Ստորեւ հրապարակուած տեղեկատւութիւնը՝
Երկուշաբթի, 31 Մարտ 2025-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս հիւրընկալեց «together» հաստատութեան հիմնադիր եւ համաշխարհային պատասխանատու Մամտուհ Լաուանտին։
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան «together» հաստատութեան Սուրիոյ ներկայացուցիչ Յակոբ Յակոբեան եւ ողջ անձնակազմը, Հալէպի քրիստոնեայ համայնքապետները իրենց ներկայացուցիչներով եւ օգնականներով, հոգեշնորհ հայր սուրբեր, Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի ներկայացուցիչը, Ազգ. Վարչութեան ատենապետը, Ազգ. Առաջնորդարանի դիւանապետը եւ զանազան բարեսիրական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ։
Սրբազան հայրը իր ողջոյնի խօսքին մէջ ուրախութեամբ ողջունեց «together» հաստատութեան հիմնադիր Մամտուհ Լաուանտը եւ իր գոհունակութիւնը յայտնեց, թէ ինչպէս «together» հաստատութիւնը իր առաքելութեան մէջ ներառած է նաեւ Սուրիան եւ ի մասնաւորի Հալէպը, մեծապէս գնահատելով աշխատանքը հաստատութեան Սուրիոյ պատասխանատուին եւ իր գործակիցներուն, որոնք համագործակցաբար Սրբազան Հօր եւ միւս համայնքապետներուն, իրենց ծառայութիւնը առանց խտրութեան կը կատարեն բոլոր համայնքներուն հետ եւ զանազան տարածքներու վրայ՝ դաստիարակչական, նպաստի հետ կապուած, դասախօսական շարքեր, վերաորակման դասընթացքներ կիրակնօրեայ դպրոցի ուսուցիչներու, ուսանողներու, ամուսնացեալ զոյգերու եւ ընդհանրապէս երիտասարդութեան դաստիարակութեան գծով, ինչ որ մեծապէս ուրախալի եւ գնահատելի է։
Սրբազան Հայրը այդ իմաստով իր ուրախութիւնը, գնահատանքը եւ շնորհակալութիւնը յայտնեց, որ հաստատութիւնը շարունակ այդ ուղղութեամբ աշխատանք կը տանի եւ առաւել չափով կը փորձէ եկեղեցւոյ հովանիին տակ այդ գծով իր ներդրումը բերել։
Այնուհետեւ, խօսք առաւ «together» հաստատութեան Սուրիոյ պատասխանատու Յակոբ Յակոբեան, որ իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց Սրբազան Հօր՝ իր ցուցաբերած անսահման հոգատարութեան եւ հովանաւորութեան համար «together» հաստատութեան։ Ընթացքին խօսք առաւ նաեւ «together» հաստատութեան հիմնադիր Մամտուհ Լաուանտ, որ ընդարձակ բացատրութիւն տուաւ «together» հաստատութեան հիմնական նպատակին եւ աշխատանքին մասին, որ կը ծաւալեն աւելի քան 26 արաբական երկիրներու եւ այլ արեւմտեան երկիրներու մէջ՝ հարուստ ծրագրաւորումով։
Համայնքապետները իրենց գնահատանքը յայտնեցին, իրենց հարցումները ուղղեցին հաստատութեան հիմնադիրին եւ համապատասխան լուսաբանութիւններ ստացան։
Արծարծուեցան ներկայ իրավիճակին առնչուող եւ մեր կեանքը յուզող մարտահրաւէրներն ու դժուարութիւնները եւ առաւել համագործակցութեամբ աշխատանք տանելու հնարաւորութիւնը՝ օգտակար դառնալու մեր երիտասարդութեան եւ ընդհանրապէս ժողովուրդին։
Աւարտին զոյգ կողմերը յուշանուէրներ փոխանակեցին։ Սրբազան Հայրը հայկական արծաթեայ ձեռագործ խաչ մը նուիրեց «together» հաստատութեան հիմնադիրին, մաղթելով որ Տիրոջ Սուրբ Խաչին զօրութիւնը պաշտպան եւ առաջնորդ ըլլայ իրենց եւ յաջողութիւն պարգեւէ իրենց բոլոր աշխատանքներուն։ «together» հաստատութեան հիմնադիրը, իր կարգին, արծաթեայ պնակ մը նուիրեց Սրբազան Հօր։
Այնուհետեւ, Մամտուհ Լաուանտի եւ «together» հաստատութեան անդամները այցելեցին Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցի, ուր աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած եւ մօտէն ծանօթացան եկեղեցւոյ պատմականին եւ յատկապէս սրբապատկերներուն պատմական արժէքին։