Վրաստանի մէջ տեղի ունեցած Վրաստան- Իրլանտա խաղի ժամանակ իրլանտացի համակիրներ իրենց երկրին դրօշակին կողքին պարզած են նաեւ Արցախի դրօշը: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ խաղը դիտելու նպատակով Երեւանէն Թիֆլիս մեկնած հայորդիէ մը: Մեր աղբիւրը նաեւ յայտնեց, որ Մոնտիալի (2018) զտումի մրցաշարի ծիրին մէջ եղած մրցումը աւարտած է 1-1 արդիւնքով:
Կը նշուի, որ խաղը տեղի ունեցած է Թիֆլիսի «Տինամո» մարզադաշտին վրայ: