image
Հրատապ լուրեր:

Իրաքի թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանը ընդունած է Պաղտատի ՀՄԸՄ-ի վարչութեան ներկայացուցիչները

Իրաքի թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանը ընդունած է Պաղտատի ՀՄԸՄ-ի վարչութեան ներկայացուցիչները

Իրաքի թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանը, օրերս, ընդունած է Պաղտատի ՀՄԸՄ-ի վարչութեան ներկայացուցիչները։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Իրաքի Թեմի Առաջնորդարանի դիմատետրեան էջէն:

Ստորեւ հրապարակուած լրատւութիւնը՝

Չորեքշաբթի, 8 Հոկտեմբեր 2025ին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանը իր գրասենակէն ներս  ընդունեց Պաղտատի ՀՄԸՄ-ի վարչութեան ատենապետ Պրն․ Րաֆֆի թովմասեանը  եւ փոխ ատենապետ Պրն․ Րաֆֆի լուսեանը։ Հանդիպման, ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն յաջողութիւնները պարզելէ ետք` վարչականները Սրբազան Հօր յանձնեցին  2025 թուականի Սեպտեմբեր ամսու  18- 20 օրերուն տեղի ունեցած Միութեան 40-րդ շրջանային մարզահանդէսի վահանը։

Աւարտին Սրբազան Հայրը  շնորհակալութիւն  յայտնեց այցելութեանը  համար մաղթելով ՀՄԸՄ-ին նորանոր յաջողութիւններ։ 

Հանդիպման ներկայ եղաւ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Պրն․ Կարապետ Գալուստեանը։