Թեհրանը կը գործարկէ նոր առաջադէմ «սենթրիֆուկներու» (Կեդրոնախոյս ուժերու օգնութեամբ խառնուրդները բաղադրիչ մասերու զատող մեքենայ) «զգալի քանակութիւն»՝ ի պատասխան Աթոմային ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան (ՄԱԳԱՏԷ) Կառավարիչներու խորհուրդի կողմէ հակաիրանեան բանաձեւի ընդունման, ըսուած է Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութեան թելեկրամեան ալիքին մէջ:
«Իրանի աթոմային ուժանիւթի կազմակերպութեան ղեկավարը (Մուհամմատ Էսլամին - Խմբ.) հրամայած է ձեռնարկել արդիւնաւէտ միջոցներ, այդ շարքին՝ տարբեր տեսակի նոր առաջադէմ կեդրոնախոյս մեքենաներու գործարկում», -ըսուած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:
Ինչպէս յիշեցուցած է Արտաքին գործոց նախարարութիւնը, Թեհրանը տարբեր մակարդակներով նախազգուշացուցած է, որ պիտի պատասխանէ հակաիրանեան որեւէ միջոցի ընդունման։
Աթոմային ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան Կառավարիչներու խորհուրդն աւելի վաղ ընդունած է բանաձեւ, որուն մէջ Իրանը կը քննադատէ միջուկային խնդրի շուրջ համագործակցութեան բացակայութեան համար:
Գործակալութեան տուեալներով՝ Մեծ Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ ներկայացուած բանաձեւին դէմ քուէարկած է 35 երկիրներէն 19-ը, այդ շարքին՝ Ռուսիան, Չինաստանը, ձեռնպահ մնացած են 12 երկրներ։