image
Հրատապ լուրեր:

Իրանը աթոմային գործարքի եւ պալիսթեան հրթիռներու միջեւ.Մեծ պայքարը

 Իրանը աթոմային գործարքի եւ պալիսթեան հրթիռներու միջեւ.Մեծ պայքարը
 Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը կը բոլորէ բարդ զարգացումներու մեծ շրջափուլ մը։

 Մէկ կողմէ ամերիկեան պատիժները եւ միւս կողմէ Իսրայէլէն հնչող եւ հերթական դարձած սպառնալիքները Իրանը դրած են աքցանային իրականութեան մը առջեւ։ Ու այս բոլորէն անդին երկիրը կը կոտտայ տնտեսական ծանր պայմաններու տակ, որն անշուշտ հետեւանք է երկար տարիներու ընթացքին ձեւաւորուած բարդութիւններու։ Այս բոլորէն անդին Իրան ունի կարեւոր ունակութիւններ եւ յատկապէս արտաքին քաղաքական ճակատին վրայ աշխոյժ ներկայութիւն մը, որ տարբեր առումներով ալ փրկօղակի դեր կը կատարեն աւելի քան քառասուն տարուան կենսափորձ ունեցող «Յեղափոխական հանրապետութեան»։

Միւս կողմէ առանցքային է նաեւ Իսրայէլի կողմէ յաճախ հնչեցուած սպառնալիքները, որ մասնաւորապէս այս ժամանակներուն մարմին կը ստանան Իսրայէլ- Ատրպէյճան յարաբերութեանց ենթածիրով։

Մեկնաբան Սագօ Արեան այս բոլորին մասին խօսելէ բացի անդրադարձած է նաեւ այն փաստին, որ Արցախի  44-օրեայ աղէտալի պատերազմին ընթացքին Իրան սխալեցաւ։

 Ճիշդ չկատարեց իր հաշուարկները եւ այսօր ահա այդ սխալ հաշուարկներուն դիմաց կանգնելով կը փորձէ նոր տարողութեան «խաղ» մը առաջ տանիլ։

«Իրանը աթոմային գործարքի եւ պալիսթեան հրթիռներ միջեւ», ահա այսպէս խորագրած ենք «Արեւելք»ի այսօրուան տեսանիւթը, որ մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք միշտ հաշուի առնելով այն փաստը, որ Իրանը միշտ ալ եղած է իսկական բարեկամը մեր երկիր՝ Հայաստանին։

 

Մնացեալը տեսանիւթին մէջ։