image

Իրանը աննախադէպ յարձակում գործեց՝ Իսրայէլի ուղութեամբ

Իրանը  աննախադէպ յարձակում  գործեց՝ Իսրայէլի ուղութեամբ

Իրանը աւելի քան 500 պալիսթիլք եւ թեւաւոր հրթիռ արձակած է Իսրայէլի ուղղութեամբ, յայտնած է Իսրայէլի Պաշտպանութեան բանակը:

Իսրայէլի մէջ ամբողջ երկրով յայտարարուած է տագնապային դրութիւն։ Բոլոր քաղաքացիներէն կը խնդրեն անյապաղ երթալ ռմբապաստարաններ:

Իրանը, իր հերթին, յայտարարած է, որ տասնեակ պալիսթիք հրթիռներ արձակած է Իսրայէլի կարեւոր ռազմական եւ անվտանգութեան կառոյցներու ուղղութեամբ՝ ի պատասխան Կազայի եւ Լիբանանի բնակիչներու, ինչպէս նաեւ «Համաս»-ի, «Հըզպալլա»ի եւ Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի առաջնորդներու եւ հրամանատարներու զանգուածային սպանութիւններու:

Ինչպէս հաղորդած է Al Jazeera-ն, Իրանի Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդը յայտարարած է, որ Իսրայէլը պիտի առերեսուի «ջախջախիչ» յարձակումներու, եթէ պատասխան տայ:

Աւելի վաղ Իսրայէլը յայտարարած էր, որ իր զօրքերը մտած են հարաւային Լիբանան՝ «սահմանափակ» գործողութեան համար, սակայն «Հեզպալլա» հերքած է, որ իսրայէլեան ուժերն անցած են այդ տարածք:

Լիբանանի վարչապետ Նաճիպ Միքաթին ըսած է, որ Լիբանանը կանգնած է «իր պատմութեան ամենավտանգաւոր փուլերէն մէկու առջեւ»:

Միեւնոյն ժամանակ, Իսրայէլի յարձակումները կը շարունակուին Կազայի հատուածին մէջ, որու հետեւանքով երկու օրուան մէջ զոհուած է առնուազն 29 պաղեստինցի։

Կազայի մէջ հոկտեմբերէն ի վեր Իսրայէլի յարձակումներու հետեւանքով զոհուած է մօտ 42,000 մարդ, վիրաւորուած՝ մօտ 97,000-ը։

Իսրայէլի մէջ 2023-ի հոկտեմբեր 7-ին «Համաս»-ի գլխաւորած յարձակումներու հետեւանքով զոհուած է առնուազն 1139 մարդ, աւելի քան 200 մարդ՝ գերեվարուած։