Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Մեհտի Սաֆարին եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը քննարկած են հարաւկովկասեան տարածաշրջանին մէջ մշտական խաղաղութեան ու կայունութեան անհրաժեշտութիւնը, յայտնած է Mehr-ը։
Պաշտօնեաները կարեւորած են տարածաշրջանային խնդիրներուն արտաքին միջամտութեան մերժումը, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանի երկիրներու կառուցողական դերակատարութեան անհրաժեշտութիւնը տարածաշրջանային նախաձեռնութիւններու շրջածիրէն ներս, ինչպիսին է «3+3» ձեւաչափը (Հայաստան, Վրաստան, Ատրպէյճան, Իրան, Ռուսիա, Թուրքիա)։
Հանդիպման քննարկուած են Հիւսիս-Հարաւ փոխադրային միջանցքի իրականացումը, համատեղ տնտեսական ծրագրերու աւարտը, ինչպէս նաեւ հիւպատոսական հարցեր։