Իրանը չի ձգտիր թէժացման կամ պատերազմի, այլ կը պաշտպանուի թշնամիէն։ Այս մասին յայտարարած է Իրանի ԱԳ նախարար Մուհամմատ Ժաուատ Զարիֆը։
Նախարարը նշած է, որ Թեհրանը միջոցներ ձեռնարկած է՝ «ընդդէմ իր քաղաքացիներու վրայ կատարուած վախկոտ յարձակման»։
«Իրանն ինքնապաշտպանութեան նպատակով իրականացուցած է համաչափ միջոցառումներ եւ գործած է ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան 51-րդ յօդուածին համապատասխան»,-գրած է Զարիֆն իր թուիթըրեան էջին։
8 Յունուարին Իրանի տարածքէն 15 հրթիռ արձակուած է Իրաքի մէջ գտնուող ամերիկեան 2 ռազմակայաններու ուղղութեամբ։
Ինչպէս նշած է իրանական պետական Press TV հեռուստաալիքը, յարձակումը պատասխան եղած է 3 յունուարին Պաղտատի օդակայանի մօտակայքը ամերիկեան հրթիռակոծման հետեւանքով իրանցի զօրավար Քասէմ Սուլայմանիի սպանութեան։