Մոսկուան համոզուած է, որ Իրանի միջուկային ծրագրի հարցը կրնայ եւ պէտք է լուծուի դիւանագիտական ճանապարհով՝ ներգրաւուած բոլոր կողմերու քաղաքական կամքի առկայութեան պարագային։ Այս մասին իրանեան IRNA գործակալութեան տուած հարցազրոյցին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքովը։
Անոր խօսքով՝ Ռուսիան Իրանը կը դիտարկէ որպէս կարեւոր գործընկեր եւ մտադիր է համակողմանի զարգացնել երկկողմ յարաբերութիւնները։ Մոսկուան պատրաստ է նաեւ աջակցելու Թեհրանին միջուկային ծրագրի հետ կապուած խնդիրներու լուծման հարցով։
«Մենք կարեւոր կը համարենք լաւ յարաբերութիւններն ու գործընկերութիւնը Իրանի հետ եւ պատրաստ ենք աջակցելու այնպիսի առանցքային խնդիրներու լուծման, ինչպիսին է Իրանի միջուկային ծրագիրը», - նշած է Փեսքովը։
Իրանի միջուկային ծրագիրը կը շարունակէ մնալ միջազգային քաղաքականութեան առանցքային հարցերէն մէկը։ Թեհրանը կը պնդէ, որ իր մշակումները բացառապէս խաղաղ բնոյթ կը կրեն, սակայն արեւմտեան երկրները, ներառեալ Միացեալ Նահանգները եւ Իսրայէլը, կը կասկածին, որ ան կը ձգտի միջուկային զէնք ստեղծել: