image
Հրատապ լուրեր:

Իրանի մէջ «Քովիտ»ի զոհերուն թիւը կտրուկ աճ գրանցած է

Իրանի մէջ «Քովիտ»ի զոհերուն թիւը կտրուկ աճ գրանցած է

Իրանի մէջ «Քորոնա» ժահրէն վերջին 24 ժամուայ ընթացքին մահացած է 120 քաղաքացի, այսպիսով մահերու թիւը հասած է 127 հազար 173-ի: Այս մասին յայտնած է IRNA-ն:

Վերջին 24 ժամուայ ընթացքին երկրին մէջ գրանցուած է վարակման 6803 նոր դէպք, որոնցմէ 985-ը հիւանդանոց փոխադրուած է:

Երկրին մէջ գրանցուած ընդհանուր 5 միլիոն 980 հազար 260 դէպքէն առողջացած կամ հիւանդանոցներէն դուրս գրուած է 5 միլիոն 588 հազար 545 քաղաքացի:

3713 քաղաքացի ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ բուժում կը ստանայ ծայրայեղ խնամքի բաժանմունքները: